Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Երրորդ Տարեկան Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգը

Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2019-ին, տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած երրորդ տարեկան հոգեւոր համերգը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ հոգաբարձութեան։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։

Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Խորէն Պապօշեան, Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Աւօ Քէշիշեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան անդամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք հոգեւոր հովիւը արտասանեց բացման խօսքը։ Ան ողջունեց ներկաները ու վեր առաւ Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդն ու պատգամը։

Այնուհետեւ, երգչախումբը ներկայացուց Ս. Ծննդեան ձօնուած շարականներ ու տարբեր լեզուներով երգեր՝ մէջ ընդ մէջ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան առնչուած աստուածաշնչական մէջբերումներ կատարելով։ Փոքրիկներու երկու երգերու կատարումը աւելի եւս իմաստաւորեց ու խանդավառեց երեկոն՝ խինդ ու ուրախութիւն պարգեւելով բոլորին։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան նախ օրհնեց ու գնահատեց երգչախումբը եւ մասնաւորաբար խմբավարը՝ իր հետեւողականութեան եւ նախանձախնդրութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ հնչած երգերը մեր ֆիզիքական ականջներուն հաճելի եւ երանական թուեցան՝ յոյս յայտնելով, որ համերգի ընթացքին մեզմէ իւրաքանչիւրը Տիրոջ ներկայութիւնը զգաց եւ աստուածային խաղաղութիւնը ապրեցաւ։ Խօսելով Ս. Ծննդեան մասին, ան մատնանշեց, որ Աստուած Իր խոստումը իրագործեց՝ Մանկացեալ Քրիստոսի Ծնունդով եւ փրկագործութեան խորհուրդին ընդմէջէն. Ան երկինքէն երկիր իջաւ, մարմնացաւ, մարդացաւ եւ համեստ պայմաններու մէջ ծնաւ, հաստատելով, որ Աստուած ամէն տեղ ներկայ է, նոյնիսկ մութ ու խաւար գիշերներու մէջ։ «Հրեշտակը Ս. Կոյս Մարիամին, Յովսէփին եւ հովիւներուն ըսաւ՝ «մի՛ վախնաք», որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է։ Եթէ զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը, այդ ժամանակ աւելի հաստատ քայլերով եւ քաջութեամբ կ’ընթանանք։ Իսկ եթէ երկնային խաղաղութիւնը, սէրը, բարութիւնն ու հաճութիւնը զգանք երկրի վրայ, այն ատեն պարտաւոր ենք զանոնք բաժնեկցելու եւ տարածելու, այնպէս ինչպէս հովիւները հրեշտակին աւետիսը լսելէ ետք, զայն տարածեցին ամէնուր»։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով եւ գնահատելով հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, ինչպէս նաեւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բոլորին։

Այս առիթով, յանուն հեղինակներուն՝ Պետրոս Ալահայտոյեանին եւ Դոկտ. Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանին, Առաջնորդ Սրբազանը երգչախումբին նուիրեց Կաթողիկոսարանին կողմէ նոր հրատարակուած Բարսեղ Կանաչեանի «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» հատորները։

Երեկոն վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022