Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմակալ Երեք Առաջնորդներու Կոչը Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան Ի Խնդիր

Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու Առաջնորդները՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան (Արեւելեան Թեմ), Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան (Գանատայի Հայոց Թեմ) եւ Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան (Արեւմտեան Թեմ), կը հրաւիրեն իրենց համայնքի զաւակները, միահամուռ ջանքերով շարունակելու Լիբանանի հայութեան ի նպաստ օժանդակութեանց արշաւը:

Ի հետեւումն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կոչին, հարկաւոր է նոր թափ տալ համայնական ջանքերուն, համօրէն սատար հանդիսանալու սփիւռքի սիրտն ու ոգին հանդիսացող Լիբանանահայութեան, որ տասնամեակներ շարունակ կենսատու աւիւն ջամբեց մեր բոլոր գաղութներուն։

Առ այդ, երեք Առաջնորդները, իրենց պատրաստակամութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով լիբանանահայութեան վերականգնման համազգային ճիգերուն, կը յորդորեն Հիւսիսային Ամերիկայի մեր համայնքի բոլոր զաւակները, որ միասնակամութեամբ եւ առաւել յանձնառութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, գործնական քայլերով բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնին, եւ յոյսի շողերով լուսաւորեն Լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, մանուկին ու տարեցին մթագնած հոգիները, յաղթահարելու ներկայի յամեցող աննկարագրելի տագնապը։

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏՕՆՈՅԵԱՆ

15 Սեպտեմբեր, 2021

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022