Ազգ. Ռ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի Աշակերտները Այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Ապրիլ 24ի նախօրեակին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի աշակերտները Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին իրենց դաստիարակներուն հետ, ծաղիկներ դրին Ցեղասպանութեան Ս. նահատակներու յուշակոթողին դիմաց, ստացան օրհնութիւնը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, որ նախորդ գիշեր վերադարձած էր Լիբանանէն։ Մանուկները հայրենասիրական երգերով ուխտեցին կառչած մնալ Ս.
buy antabuse online https://www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/antabuse.html no prescription

նահատակաց կտակին։

Աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեանի եւ ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ եւ համախմբուեցան Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունէր Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեանը։

Հաւաքը սկսաւ Տէրունական Աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ։

Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյց մը ունենալով, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակը, որոնք յանուն ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի նահատակուեցան։ Ի պատասխան Ցեղասպանութեան մասին Առաջնորդ Սրբազանին հարցումին, աշակերտները յայտնեցին, թէ պահանջատէր են մեր հողերուն, որոնք մեզմէ խլուած են ոճրագործ թուրքերուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց մանուկներուն, որ այս տարի նաեւ կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին, որ դրսեւորումն է հայ ազգի պահանջատիրութեան ու յաղթանակին։ Այնուհետեւ, աշակերտները միասնաբար երգեցին «Արդեօք ովքե՞ր են», «Սարտարապատ» եւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգը եւ ծաղիկներ զետեղեցին յուշակոթողին առջեւ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022