Երկու Միաբաններ Կը Միանան Արեւմտեան Մեր Թեմի Հոգեւոր Ծառայութեան


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը ուրախ են յայտարարելու, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը առաքած է ծառայելու մեր Թեմին մէջ:

Երկու միաբան հայրերը Լոս Անճելըս ժամանեցին Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2016ի յետմիջօրէին: Անոնք կարճ ժամանակ մը պիտի ծառայեն Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, ապա պիտի լծուին իրենց նոր առաքելութեան: Հայր Տաճատ կոչուած է Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին, իսկ Հայր Պարոյր՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնին:

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան (աւազանի անունով Զօհրապ) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է 17 Յունիս 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճան՝ 18 Յուլիս 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ, նաեւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի եւ Յունաստանի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, ան Կաթողիկոսարանի Գանձատան պատասխանատուն էր եւ կը վարէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին լուսարարապետի օգնականի պաշտօնը։ Բարձրագոյն ուսման համար, հետեւած է Հայկազեան Համալսարանի եւ American Lebanese School of Language Center-ի դասընթացքներուն:

Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան (աւազանի անունով Յարութիւն) ծնած է Պէյրութ, 1992ին: Կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է 17 Յունիս 2012ին, իսկ վարդապետական աստիճան՝ 18 Յուլիս 2015ին: Դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ, նաեւ հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցած է Լիբանանի, Իրանի եւ Կիպրոսի թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին, վարիչն էր Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ: Բարձրագոյն ուսման համար, հետեւած է Near East School of Theology-ի, Հայկազեան Համալսարանի եւ American Lebanese School of Language Center-ի դասընթացքներուն:

Կ’ողջունենք Հայր Տաճատի ու Հայր Պարոյրի Արեւմտեան մեր Թեմ ժամանումը եւ կը մաղթենք յաջողութիւն՝ իրենց ծառայական կեանքի նոր անդաստաններուն մէջ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022