«Վազգէն Մատէնլեան» Մարզադաշտի Եւ Դասարանի Բացում՝ «Վ. Եւ Ա. Շամլեան» Ազգային Վարժարանին Մէջ

Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021, երեկոյեան ժամը 5-ին, ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ Տիկին Սեդա Մատէնլեանի, քողազերծուեցան «Վ. եւ Ա. Շամլեան» Ազգ. վարժարանի նախկին տնօրէն՝ նորոգ հանգուցեալ Վազգէն Մատէնլեանի անունը կրող, կողովագնդակի վերանորոգուած մարզադաշտ մը եւ ուսողութեան դասարան մը:

Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմէն անդամներ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր ընկերակիցները դպրոցի մուտքին ընդունուեցան վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ· Թալին Քարկոտորեանի, ուսումնական մարմինի անդամներու, հանգուցեալ տնօրէնի կողակիցին՝ Սեդա Մատէնլեանի եւ դուստրերուն, ուսուցիչներու, բարերարներու, աշակերտներու, ծնողներու եւ հիւրերու կողմէ: Սրբազան Հայրն ու Տիկին Մատէնլեան նախ հատեցին մուտքի ժապաւէնը, ապա ուղղուեցան շրջափակ, ուր Դոկտ· Քարկոտորեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկաներուն, խօսեցաւ վարժարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցած վերանորոգումի աշխատանքներուն եւ ընթացքին մասին, անդրադարձաւ նախկին տնօրէն, հանգուցեալ Վազգէն Մատէնլեանի ծառայութեան տարիներուն (1991-2014) եւ վարժարանի բարգաւաճման մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին, ապա իբրեւ գնահատանք անոր կրթական եւ մանկավարժական վաստակին՝ նշեց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսումնական մարմինը, խորհրդակցաբար Մատէնլեան ընտանիքի անդամներուն հետ, որոշեցին լաւագոյնս անմահացնել իրենց սիրելի տնօրէնին յիշատակը՝ անոր անուամբ կնքելով վերանորոգուած մարզադաշտը եւ դասարան մը: Իր խօսքի աւարտին ան Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Տիկին Սեդա Մատէնլեանը հրաւիրեց՝ յաջորդաբար քողազերծելու «Վազգէն Մատէնլեան» անունը կրող կողովագնդակի մարզադաշտին եւ դասարանին յուշատախտակները:

Իր աղօթական խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց «Վ. եւ Ա. Շամլեան» Ազգ· վարժարանի մեծ ընտանիքը եւ հաստատեց, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ամբողջական, ուժեղ, շէնշող եւ կարեւոր ներկայութիւն են, ապա բարձրագոյնս գնահատեց Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, վարժարանի տնօրէնուհին, ուսումնական մարմինը, ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները, բարեկամներն ու բարերարները եւ «Վազգէն Մատէնլեան» մարզադաշտի ու դասարանի բացման առիթը նկատեց եզակի դէպք եւ կարեւոր յիշեցում այն մասին, որ ազգի կեանքին մէջ յատկանշական ներդրում ու վաստակ ունեցող բոլոր մեծերն ու մշակները արժանի են յարգանքի. «Ազգային Առաջնորդարանը, մեր վարժարանները գիտեն, թէ ինչպէս պէտք է յարգեն նուիրեալներն ու վաստակաշատները. այսօր տեղի ունեցածը պերճախօս մէկ վկայութիւնն է ըսուածին», աւելցուց Սրբազան Հայրը:

Վարժարանի ուսումնական մարմինի անունով յաւուր պատշաճի շնորհակալական խօսք արտասանեց ատենապետ Արթին Ղազարեան եւ իր կարգին մանրամասնութիւններ փոխանցեց վարժարանի աշակերտական կարիքներու լրացման համար ի գործ դրուած ճիգերուն մասին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022