Ս. Վարդանանց Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ


Քրիստոնէական մեր հաւատքի պաշտպանութեան համար, մեր պատմութեան մէջ մղուած առաջին պատերազմին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ Ս. Վարդանանց զօրավարաց մղած ճակատամարտին յիշատակը Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016ին նշուեցաւ իբրեւ ազգային տօն: Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն:

Պատարագիչն էր Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ նաեւ այս տօնին խորհուրդը վեր առնող քարոզ մը արտասանեց: Քարոզէն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ողջունեց հոգեւորականաց դասու անդամները եւ յայտնեց, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մեկնած է Անթիլիաս, մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն։ Ան յաջողութիւն մաղթենց Թեմիս հոգեւորականաց դասուն նոր միացած երկու միաբան հայրերուն՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի եւ պատարագիչին, իրենց նոր առաքելութեան մէջ:

Ապա, հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան խորանին առջեւ եւ երգեցին «Նորահրաշ» շարականը։

Նախքան իր քարոզը, Հայր Պարոյր փառք տուաւ Աստուծոյ, այս տօնին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմին մէջ ծառայելու առիթին համար: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր նոր առաքելութեան մէջ իրեն հանդէպ վստահութեան համար:

Հայր Սուրբին քարոզին բնաբանն էր Սաղմոս 124:2-3. «Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլայ, երբոր մարդիկ մեր վրայ յարձակեցան, մեզի դէմ իրենց անսանձ զայրոյթով, անոնք մեզ ողջ-ողջ կը կլլէին՝ թշնամիները մեզ կ’ողողէին՝ հեղեղի պէս մեր վրայէն անցնելով»։ Ան կանգ առաւ Վարդանանց պատերազմէն բխած կրկնակի պատգամին վրայ, որ այսօր ի զօրու կը մնայ մեզի համար: Առաջինը՝ չարին ու մեր անձին վրայ այսօրուան պատերազմներն են: Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներու, մեր պարտքն է ըլլալ հաւատքի զինուորներ: Մենք կը դիմագրաւենք նաեւ ներքին մարտահրաւէրներ: Մեր Տէրը այս բոլորին համար մեզ օժտած է կարողութիւններով. ան չի նմանիր այն զօրավարին, որ զինուորները պատերազմի կը ղրկէ առանց անհրաժեշտ զէնքերուն: Ան մեր կողքին կը կանգնի նման դժուարութեանց պահերուն, այնքան ատեն որ մենք կապաւինինք իրեն:

Երկրորդ՝ Հայր Սուրբը շեշտեց թէ Աւարայրը մեր ժողովուրդին մէջ արթնցուց ազգային ոգին եւ արմատաւորեց մեր ինքնութիւնը: Այդ ոգին է որ մեզ առաջնորդած է յաղթահարելու ազգային դժուարութիւններ եւ մեզ հասցուցած է այս օրուան անկախ հայրենիքին։ Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները ձայնակցեցան հոգեւոր հայրերուն ու միասնաբար երգեցին Վարդանանց նուիրուած հայրենասիրական երգեր: Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ Հայաստանի Քայլերգին խմբերգումով:

Ապա, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, կազմակերպուած եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւն կողմէ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022