Ամառնային Ս. Գրային Դասընթացքներ

Այս տարի եւս, Թեմիս եկեղեցիները կազմակերպած են ամառնային Ս. Գրային դասընթացքներ, ուր մեր մանուկներն ու պատանիները Քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ստանան հաճելի մթնոլորտի մէջ։ Ծրագիրը կը ներառէ ուսուցում՝ մեր հաւատքին ու եկեղեցւոյ մասին, Ս. Գրային ընթերցումներ, աղօթքներ ու շարականներ, ինչպէս նաեւ մարզական խաղեր, ձեռային աշխատանք, եւ հայկական երգ ու պար։

Ստորեւ, այս տարուան դասընթացքներու ժամանակացոյցը.-

– Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցի.- Կը սկսի 1 Յուլիսին եւ կ’երկարի չորս շաբաթներու վրայ, առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2։ Շաբաթական բնոյթ կրող այս դասընթացքը նախատեսուած է 3 տարեկան եւ վեր մանուկներու եւ պատանիներու համար։

– Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճար.- «Լուսաւոր Ճամբար» բանակումը տեղի պիտի ունենայ 14-էն 20 Յուլիսին, Mount Kare Camp-ին մէջ, 6էն 16 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար։

– Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի.- 29 Յուլիսէն 2 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9էն 12, մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտներու համար:

– Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի.- 29 Յուլիսէն 2 Օգոստոս, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօր, 4էն 17 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար։

Կոչ կ’ուղղենք ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները մասնակից դարձնեն այս օգտակար ծրագիրներուն: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել եկեղեցիներու գրասենեակներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022