Տիար Վարուժան Գունտաքճեան Կը Պարգեւատրուի “Կիլիկեան Ասպետ”ի Շքանշանով


Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ “Ասպարէզ” օրաթերթի, Կլենտէյլի “Ֆենիսիա” ճաշարանին մէջ յատուկ ճաշկերոյթ-հաւաք մը  տեղի ունեցաւ ազգային գործիչ Տիար Վարուժան Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձին առիթով։ Ձեռնարկը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ Տիար Գունտաքճեանին  գաղութէն ներս տասնամեակներու վրայ երկարող  ծառայութիւնը գնահատելու։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Տիար Գունտաքճեանին, որուն աւելի քան 30 տարիներու բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը վայելած է։ Սրբազանը վեր առաւ Տիար Գունտաքճեանին բարեսրտութեան, բարի կամեցողութեան ու բարեգործութեան յատկանիշները եւ շնորհաւորեց զինք իր 80ամեակին առթիւ։ Իր խօսքի աւարտին, յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Առաջնորդ Սրբազանը “Կիլիկեան Ասպետ”ի շքանշանով պարգեւատրեց զինք եւ Հայրապետական Կոնդակը ընթերցելէ ետք՝ յանձնեց Տիար Գունտաքճեանին։

Վեհափառ Հայրապետը իր սրբատառ կոնդակին մէջ հետեւեալ վկայութիւնը տուած է Տիար Գունտաքճեանին մասին.-

“Արդար եւ իրաւ գնահատանք անձի մը, որուն ողջ կեանքը եղաւ նուիրում ու զոհողութիւն յօգուտ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Դուք Ձեր ծառայութեամբ, եւ ազգին ու եկեղեցւոյ սատար հանդիսանալու նախանձախնդրութեամբ դարձաք սիրելի անձնաւորութիւն մեր գաղութին համար։ Մեծ եղաւ Ձեր դերը Արեւմտեան շրջանի հայ համայնքի կազմաւորման ծիրէն ներս։ Ձեր մասնակցութիւնը ազգային-եկեղեցական կառոյցներուն, իր շինիչ անդրադարձը ունեցաւ անոնց գործունէութեան արդիւնաւորման մէջ։ Արդարեւ, ամէն անգամ որ Ձեր օժանդակութեան կարիքը զգացուեցաւ, Հայաստանի մէջ, թէ՝ Արեւմտեան Թեմի մեր համայնքի կեանքէն ներս, դուք միշտ պատրաստակամութեամբ ընդառաջեցիք, եւ բարոյական զօրակցութեամբ ու նիւթական օժադակութեամբ Ձեր ներդրումը բերիք, եւ կը շարունակէք բերել, ի խնդիր ազգանպաստ ծրագիրներու իրագործման”։

Իր կարգին, Տիար Գունտաքճեան իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022