Անդրանիկ Ս. Պատարագ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Նոր Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի


Կիրակի, 14 Փետրուար 2016-ին, Տեառնընդառաջի տօնին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին եւ նախագահեց նոր նշանակեալ հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի անդրանիկ Ս. Պատարագին:

Հայր Սուրբին քարոզէն առաջ խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, որ օժտուեցաւ նոր հոգեւոր հովիւով: Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալներուն ներկայացուց երիտասարդ հոգեւոր հովիւն ու խօսեցաւ անոր ծառայական կեանքին մասին, նշելով, որ ան մեր Թեմը առաքուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այս համայնքին ծառայութեան կոչուած է Թեմիս Խառն Ժողովին որոշումով: Ան կոչ ուղղեց համայնքի զաւակներուն, որ զօրավիգ կանգնին նոր հոգեւոր հովիւին, եւ միասնաբար ծխական համայնքը տանին նոր նուաճումներու:

Ապա, խօսք առաւ պատարագիչ Հայր Սուրբը, որ իր այս նոր առաքելութեան համար երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին: Ապա, ան փոխանցեց տօնական օրուան՝ Յիսուս Մանուկի Տաճար ընծայման խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը: Ան անդրադարձաւ տօնին կապուած աւանդութեանց, նշելով, որ այս տօնին, նորածին մանուկները Աստուծոյ կ’ընծայաբերուին, ինչպէս Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները զայն ընծայաբերեցին Աստուծոյ: Այս տօնին կապուած է նաեւ խարոյկ վառելու աւանդութիւնը, որ կ’արտայայտէ հաւատացեալներուն կեանքն ու աշխարհը Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու խորհուրդը, ապա թելադրեց, որ հաւատացեալները տոգորուին Սիմէոն Ծերունիին հաւատքով ու Մանուկ Յիսուսը իր գիրկին մէջ ունենալու բերկրանքով, որպէսզի մենք ալ փրկութեան արժանի ըլլանք, Աստուծոյ ներկայութիւնը զգանք եւ Քրիստոսի լոյսը լուսաւորէ բոլորիս կեանքը:

ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ Պատարագէն ետք, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, ուր հրաւիրուած էին բոլոր ներկաները: Ճաշի աւարտին, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Թեմիս Խառն Ժողովին, ապա բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր հովիւին, յոյս յայտնելով, որ Հայր Սուրբին ծառայութեամբ, նոր խանդավառութիւն պիտի տարածուի գաղութէն ներս: Ան երախտագիտութեամբ յիշեց Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի անցնող տարիներու ծառայութիւնը եւ հրաւիրեց, որպէսզի իր սրտի խօսքը ուղղէ: Տէր Խորէն քահանայ եւս բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին, վստահեցնելով, որ պատրաստ է ամէն գնով օգտակար դառնալու ի խնդիր գաղութի բարգաւաճումին: Խօսք առաւ նաեւ Հայր Պարոյր, որ իր ուրախութիւնն ու անսակարկ ծառայութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց գաղութի զաւակներուն:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ կրկին անգամ շնորհաւորեց համայնքը, մաղթելով, որ եկեղեցի-ժողովուրդ կապը կ’ամրանայ նոր երիտասարդ հոգեւոր հովիւին ծառայութեան շրջանին: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մեր Թեմին տրամադրած է երկու միաբաններ, որոնք կոչուած են ծառայելու Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքներուն: Ան այս առիթով նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ Տէր Խորէն քահանայի հնգամեայ ծառայութեան, օրհնեց ծխական համայնքի զաւակները եւ նոր վերելք մաղթեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, մանաւանդ, որ համայնքը այս տարի կը պատրաստուի տօնելու եկեղեցւոյ 50րդ տարեդարձը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ