Ոտնլուայի Արարողութիւն “Արարատ Տան” Մէջ՝ Ի Պատիւ “Տարեցներու Տարուան”


2014 տարուան Աւագ Շաբաթը իւրայատուկ իմաստ մը ունեցաւ Արեւմտեան մեր Թեմին համար։ Աւագ Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլ, 2014-ի առաւօտուն, գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Միշըն Հիլզի “Արարատ Տան” մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն եւ բաշխուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։

Առաւօտեան ժամը 10-ին “Արարատ Տան” հիւանդանոցի բաժնին մէջ տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, ուր օրհնուեցան հաստատութեան աղը, հացն ու ջուրը։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով շնորհաւորեց “Արարատ Տան” բնակիչները եւ իր օրհնութիւնները ու բարեմաղթութիւնները բաշխեց պատսպարեալներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն, շեշտելով որ տարեցները յատուկ տեղ ունին մեր կեանքէն ներս եւ բոլորս ալ մեծ յարգանքով երախտապարտ ենք իրենց երկարատեւ ծառայութեան։

Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Ս. Յարութեան տօնը իր հետ բերէ առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մեր բոլոր տարեցներուն։ Ան բարձրօրէն գնահատեց ու օրհնութեան խօսք փոխանցեց հաստատութեան հոգաբարձութեան եւ աշխատակազմին, իրենց բծախնդիր ու նուիրեալ ծառայութեան համար։

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց որ յառաջիկայ շաբաթ նաեւ պիտի ոգեկոչենք ցեղասպանութեան 99-ամեակը եւ յաջորդ տարի կը պատրաստուինք ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշել։ Նոյն պահուն յուզիչ անակնկալ մըն էր ծանօթանալ ցեղասպանութենէն վերապրող 100-ամեայ Եւնիկէ Սալիպեանին, զոր Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ բաշխուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։ Իւրաքանչիւր պատսպարեալի տրուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած յատուկ աղօթքներ։ “Արարատ Տան” Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն իրենց այցելութիւններուն եւ մնայուն գուրգուրանքին համար։ Ապա երգուեցաւ “Կիլիկիա” մաղթերգը։

Հիւանդանոցի բաժնին մէջ կատարուած արարողութենէն ետք, հոգեւորականները ուղղուեցան մատուռ, ուր առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւն, որ ստացաւ պատմական հանգամանք, որովհետեւ այնտեղ լուացուեցան 12 տարեց հայրիկներու ոտքերը, նկատի ունենալով որ 2014 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է “Տարեցներու Տարի”։

Ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իսկ երգեցողութիւնը առաջնորդուեցաւ հոգեւորականաց դասուն եւ սարկաւագներուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ հաստատութեան պատսպարեալներն ու պատասխանատուները։

Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին, այն պահուն երբ Առաջնորդ Սրբազանը տարեց պատսպարեալներէն Անդրանիկ Արծրունեանի ոտքը կը լուար, ան փառք տալով Աստուծոյ, անակնկալ կերպով վկայեց թէ 15 օրեր առաջ, իր երազին մէջ տեսած էր ոտնլուայի այս պատկերը եւ ահաւասիկ այսօր իսկ իր ոտքերը կը լուացուէին։ Այս վկայութիւնը մեծ տպաւորութիւն ձգեց եւ գնահատուեցաւ բոլոր ներկաներուն կողմէ եւ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ թէ այս վկայութիւնը ինքնին մեզի յոյս կը ներշնչէ, որ Աստուած ընդունի մեր ուխտն ու աղօթքները։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ որ այսպիսի օրհնաբաշխ առիթ մը շնորհեց բոլորիս, որ Աւագ Շաբթուան այս օրերուն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութիւնն ու չարչարանքները, խաչելութիւնն ու թաղումը, եւ անոնց մթնոլորտը ապրելով, արժանի դառնանք Ս. Յարութեան յաղթական փրկարար շնորհքին ու օրհնութեան։

Արարողութենէն ետք հոգեւորականաց դասը ուղղուեցաւ ճաշասրահ, մասնակցելու սիրոյ սեղանին, ուր նաեւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մեր տարեցներուն հետ։

“Արարատ Տան” պատասխանատուները, պատսպարեալներն ու իրենց հարազատները յուզուած եւ ներշնչուած օրուան արարողութենէն փառք տուին Աստուծոյ եւ անհուն շնորհակալութեան յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւորականաց դասուն այս պատմական օրուան առիթով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022