Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջազգային Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի 51րդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 9էն 16 Յունիսին, Չինաստանի Նանճինկ քաղաքին մէջ։
Արեւմտեան մեր Թեմի նուիրեալ երիտասարդուհիներէն՝ Օր. Վանա Կիտցինեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անդամ է յիշեալ խորհուրդին, պիտի մասնակցի այս ժողովին։
Համագումարը կը հիւրընկալէ Չինաստանի Քրիստոնէական Խորհուրդը։ Ժողովին գլխաւոր խորագիրն է »Հասկնալ Չինաստանը«։ Զեկուցումներու եւ քննարկելի նիւթերուն շարքին են շուկայական քաղաքականութեան հիմամբ Չինաստանի տնտեսական բարեփոխութիւնները, աղքատութեան դէմ պայքարը, կենսոլորտի պահպանումը, ներդաշնակ ընկերութեան մը կազմաւորման մէջ կրօնքին դերը, Չինաստանի կրօնքի քաղաքականութիւնն ու ոչ-պետական կազմակերպութեանց (NGO) դերը Չինաստանի զարգացման գործընթացին մէջ։
ԵՀԽի քարտուղարութիւնը տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ Գործադիր Խորհուրդի այն ծրագիրին մասին, որուն խորագիրն է »Միջազգային Յարաբերութեանց Յանձնաժողովի Վերակառուցումը՝ Պուսանի 2013ի Ժողվէն ետք«։
Նանճինկի խորհրդաժողովին, խմբակներու կողմէ քննարկման պիտի ենթարկուին հետեւեալ հարցերը.- Կրօնքի ազատութիւնը, գաղթական ու պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներու իրաւունքները, խաղաղութիւն ու ապահովութիւն, խաղաղութիւն մարդկային ընկերութեան մէջ եւայլն։