ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
– ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ
Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին է, որ կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Հաստատուած աւանդութեան համաձայն, Նոր Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի բարեսիրական այս կազմակերպութեան հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ անոր նուիրեալ ծառայողներուն յաջողութեան համար։ Հիմնարկի անդամներ եւ ծառայողներ մեր եկեղեցիներու շրջափակին մէջ տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանք պիտի տանին իրենց առաքելութեան մասին։
Կոչ կþուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ աղօթքով մասնակից դառնան Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքին յանձնուած հիւանդներուն առողջութեան եւ ապաքինման համար։ Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ այս առաքելութեան իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերող նուիրեալներուն։