Շաբաթական Լուրեր – 18 Ապրիլ 2014

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

HeIsRisenԿիրակի, 20 Ապրիլ 2014-ը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնն է։

Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ Ս. Զատկուան պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի նաեւ Քոլորատոյի եւ Քորոնա-Ռիվըրսայտ Գաւառի շրջանի հաւատացեալներուն համար։ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Քոլորատոյի մէջ, իսկ Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապոշեան Քորոնայի մէջ։

***

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Երկուշաբթի, 21 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ս. Յարութեան Մեռելոցի առթիւ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Hollywood Hills-ի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty” սրահին մէջ, Hollywood Hills, եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ։

***

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՄԻԱՑԵԱԼ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

1915Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլին, հայկական երեք յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդներուն ու հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ, Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 6:30ին։

Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, սրտի խօսք պիտի արտասանեն Հայ Կաթողիկէ համայնքի հիւսիսային Ամերիկայ Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան եւ Պատուելի Հենրիկ Շահնազարեան։

Արարողութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, Յուշարձան-Խաչքարին առջեւ, ուր տեղի պիտի ունենայ նաեւ  ծաղկեպսակի զետեղում:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեանց, յարգելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022