Շաբաթական Լուրեր – 29 Օգոստոս 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 31 Օգոստոս 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը նոյն օրը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ, ծխական շրջանի ապագայի ծրագիրներուն մասին խորհրդակցելու համար:

***

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 99-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Կազմակերպութեամբ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 99-ամեակի նուիրուած տօնակատարութիւնը, Ֆրեզնոյի Police Association’s Training Grounds համալիրին մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան Շաբաթ, 30 Օգոստոսի երեկոյեան պիտի ժամանէ Ֆրեզնօ եւ աղօթքով մասնակցութիւն պիտի բերէ մատաղի պատրաստութեան. իսկ Կիրակի, 31 Օգոստոսի առաւօտուն, Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւնը։

Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ Միութիւնը նաեւ կազմակերպած է յատուկ տօնակատարութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթավերջին, Frazier Park-ի “Արեւ” ճամբարի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի եւ հերիսայի օրհնութիւն պիտի ըլլայ։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։ Օրուան պատգամախօսն է Դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022