Շաբաթական Լուրեր – 12 Դեկտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերը տօնն է Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին։ Այս առիթով, կը շնորհաւորենք Յակոբ անունը կրող մեր բոլոր հաւատացեալ հայորդիները, կը մաղթենք, որ անոնք տոգորուին մեծ սուրբին հաւատքով եւ իրենց ընտանիքներն ու շրջանակը համակեն անոր ոգիով։

Կիրակի, 14 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԱՏԱՐԵՑ EDGEMONT MEDICAL CENTERԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

EdgemontClinicԿիրակի, 7 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով կատարեց Հոլիվուտի Edgemont Medical Clinic-ին պաշտօնական բացումը։ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան ու հոգաբարձութեան անդամներ։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Տոթք. Նաւասարդ Գազազեան, շրջանի միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց կեդրոնի երկու սեփականատէրերը, որոնցմէ մին Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ նուիրեալներէն՝ Բրշ. Մանուկ Սարկաւագ Չուլեանն է, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ժողովրդանուէր աշխատանքին:

*** ՀԱՅ ԲՈՒԺՔՈՅՐԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ

NursesAssoc2Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ Բուժքոյրերու Ընկերակցութիւնը Կլենտէյլի “Ֆենիսիա” ճաշարանին մէջ տօնեց իր հիմնադրութեան 25րդ տարեդարձը: Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, իբրեւ ներկայացուցիչը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ յանուն Սրբազան Հօր շնորհաւորեց ընկերակցութիւնը եւ գնահատանք արձանագրեց անոր աշխատանքներուն մասին:

Ընկերակցութեան հիմնադիր Տիկին Սալբի Ագարակեան, ողջունելով ներկաները, յիշեց, որ Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժէն ետք, 25 տարի առաջ, Ազգային Առաջնորդարանը առաջին քաջալերողը հանդիսացած էր հայ բուժքոյրերու այս ընկերակցութեան կազմութեան, յորդորելով, որ հայրենիքի օգնութեան աշխատանքներուն մէջ կենսական դեր վերապահուած է հայ բուժքոյրերուն. այս խրախոյսին ընդառաջելով, հիմնուած է Հ. Բ. Ընկերակցութիւնը, որ մինչեւ այսօր հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն կը կատարէ:

Տեղի ունեցաւ նաեւ Փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչըլի նոր հրատարակուած գիրքին ներկայացումը. հատորը լուսարձակի տակ կþառնէ հայ բուժքոյրերուն գործունէութիւնը, 1900էն 1930 տարիներուն:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022