Շաբաթական Լուրեր – 19 Դեկտեմբեր 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի հանդէսին, եւ իր տօնական բարեմաղթութիւնները պիտի փոխանցէ Կիրակնօրեայ Վարժարանի նուիրեալներուն, ծնողներուն եւ թանկագին աշակերտներուն։

Հանդէսը տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ կից “Աւետիսեան” սրահին մէջ, որմէ ետք կազմակերպուած է սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան։

Յայտնենք, որ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեակը. այս առիթով հիւրընկալութեան հրաւիրուած են վերջին 20 տարիներու շրջանաւարտները։

***

“ART 4 ART” ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ 15-ԱՄԵԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Art4Art1Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ արուեստագէտ Ռազմիկ Հաչիքեանի “Art 4 Art” արուեստի դպրոցի աշակերտներուն գծագրութեանց ցուցահանդէսը եւ դպրոցի 15-ամեակի նուիրուած գիրքին ներկայացումը։ Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ. ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ արուեստասէր ժողովուրդ մը։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Ռազմիկ Հաչիքեանի արուեստը, վկայելով անոր նկարագրի բարի յատկութիւններուն մասին, նաեւ վեր առաւ նոր սերունդին մէջ արուեստի սէր սերմանելու աշխատանքը, ու յաջողութիւն մաղթեց անոր գործունէութեան։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022