Շաբաթական Լուրեր – 30 Դեկտեմբեր 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

new-year-2Կիրակի, 1 Յունուար 2017ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը` Նոր Տարուան օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հաւատացեալ ժողովուրդին։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

ac459246-76fa-4291-8bbd-2dca3ef2887c-7-gifՈւրբաթ, 6 Յունուարին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։

Հինգշաբթի, 5 Յունուարի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը կը սկսի ժամը 5։30-ին։

6 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագը կը սկսի ժամը 10։30-ին։ Իսկ երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը» տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու։

Իսկ Շաբաթ, 7 Յունուարին, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի օրուան առիթով, մեր հանգուցեալ հարազատներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

***

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ GLENDALE MEMORIAL ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

gmh-armenian-christmas-celebrationՀինգշաբթի, 5 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 11ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ արարողութիւն եւ ջրօրհնէք պիտի կատարէ Glendale Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ, իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցին մէջ խնամուողներուն, պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանան Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022