Շաբաթական Լուրեր – 31 Դեկտեմբեր 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 3 Յունուար 2016ին, Նոր Տարուան առաջին Կիրակիին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նորակառոյց պարտէզի պաշտօնական օրհնութեան ու բացման արարողութիւնը պիտի կատարէ, որ նուիրուած է Տիար Կարպիս Արսլեանեանի կողմէ, իր կնոջ՝ Մարիամի յիշատակին։ Ապա, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ կից «Ղուկասեան» սրահին մէջ։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

Չորեքշաբթի, 6 Յունուարի առաւօտուն, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիքը» տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու։

Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Երեքշաբթի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Իսկ Հինգշաբթի, 7 Յունուարին, Ս. Ծննդեան Մեռելոցի օրուան առիթով, մեր հանգուցեալ հարազատներուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

Յայտնենք նաեւ, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան Կիրակի, 3 Յունուարին, պիտի այցելէ Քոլորատօ եւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ ծխական շրջանի հաւատացեալներուն համար։ 5 Յունուարին, Ճրագալոյցին, Հայր Սուրբը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին՝ Հայր Սուրբը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնալու այս հոգեպարար արարողութեանց եւ միասնաբար տօնելու մեր փրկչին Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը:

***

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ

OhanesiansԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողիվը, Ազգային Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեան բարերար ամոլը իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առած են հովանաւորել Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2016ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:

Օհաննէսեան ամոլը անցեալ տարի եւս Առաջնորդ Սրբազանի Ս. Ծննդեան Ընթրիքի Երեկոյի գլխաւոր հովանաւորներու շարքին էր, իսկ տարուան ընթացքին, նմանապէս առատաձեռն նուիրատուութեամբ մը զօրակից հանդիսացաւ, Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի կալուածներուն վերատիրացման նպատակով, Թուրքիոյ դէմ Ս. Աթոռոյս կողմէ բացուած դատին: Իբրեւ գնահատանքի արտայայտութիւն, Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանին, անցեալ Մայիսին, Առաջնորդ Սրբազանը բարերար ամոլը պատուեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր» եւ «Ս. Աշխէն Թագուհի» շքանշաններով:

***

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ GLENDALE MEMORIAL ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Տարիներու բարի աւանդութիւն է նաեւ ամանորեան ու Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտը տարածել հիւանդանոցներու մէջ խնամուող հիւանդներու։

Այս առումով, Երեքշաբթի, 5 Յունուարին, կ.ա. ժամը 11:00ին, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ արարողութիւն եւ ջրօրհնէք պիտի կատարէ Կլենտէյլի »Memorial« հիւանդանոցի յարկին տակ։

Առաջնորդ Սրբազանին պիտի ընկերանան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022