Շաբաթական Լուրեր – 13 Փետրուար 2015

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 15 Փետրուար 2015ը Բուն Բարեկենդան է, որ մեր եկեղեցական ու ժողովրդական զուարթ տօներէն մէկն է։ Աւանդաբար, Բարեկենդանը կը տօնախմբուի իբրեւ առատ կերուխումի, խնճոյքի եւ զուարթութեան օր, առ ի պատրաստութիւն պահեցողութեան երկար ժամանակաշրջանին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Բուն Բարեկենդանին պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

***

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երկուշաբթի, 16 Փետրուարին կը սկսի Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։

Մեծ Պահոց շրջանին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Արեւագալի եւ Հսկումի արարողութիւններ, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն։

Չորեքշաբթի, 18 Փետրուարին, կ.ա. ժամը 10ին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին արարողութեան։ Ժամերգութեան ներկայ պիտի ըլլան Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտներ։

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Տիգրանեան» սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ պիտի ըլլայ ճաշկերոյթին եւ պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ