Շաբաթական Լուրեր – 19 Փետրուար 2016

ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՔԱՐՈԶԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

– ՍՈՒՐԻՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ «ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ»Ի ԱՂՕԹՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

GlendaleChurchԿիրակի, 21 Փետրուար 2016-ին, Մեծ Պահոց Գ. Կիրակիին, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս.
buy flagyl online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/flagyl.html no prescription

Պատարագին։ Օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ մեր Թեմը ժամանած է SARFի Թելեթոնին իր մասնակցութիւնը բերելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն իր կոչը յղելու։

Նոյն օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Սուրիահայ մեր գաղութի հաւատքի տոկունութեան եւ յարատեւութեան խնդրանքով։

Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն որ ներկայ ըլլան արարողութեանց, ապա յետմիջօրէին գործնական զօրակցութիւն արտայայտեն Թելեթոնին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022