Շաբաթական Լուրեր – 20 Փետրուար 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ ԵՒ ՊԻՏԻ ԴԱՍԱԽՕՍԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Տարիներու սովորութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 22 Փետրուար 2015ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Ս. Պատարագէն ետք, ՀՕՄ-ի կարգ մը մասնաճիւղեր իրենց շրջաններուն մէջ, հոգեսուրճով կամ մատաղով պիտի յարգեն յիշատակը ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, ՀՕՄ-ի ննջեցեալներու յիշատակին յարգանքի խօսք պիտի արտասանէ, եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդի իր պատգամը։ Ս.
buy cymbalta Canada https://langleyrx.com/cymbalta.html no prescription

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան։

Ս. Պատարագէն ետք, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Յանձնախումբի դասախօսութիւնը։ Դասախօսն է Առաջնորդ Սրբազան Հայրը. նիւթն է Հայ Եկեղեցին եւ Ցեղասպանութեան Նահատակներու Սրբադասումը։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿ ՅՂԵՑ ՂԸՊՏԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԱԲԻՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Ի լուր Լիպիոյ մէջ ծայրայեղական զինեալներու կողմէ 21 եգիպտացի ղըպտիներու սպանութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ցաւակցական եւ զօրակցական նամակ մը յղեց Ղըպտի Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Սրաբիոն Եպիսկոպոսին։

“Մտահոգ ենք, որ Քրիստոնէութեան ծննդավայրը եղող շրջանները, յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, կը վերածուին քրիստոնեաներու համար տառապանքի գօտիի, մինչդեռ Միջին Արեւելքը դարեր շարունակ քրիստոնեաներուն համար եղած է հայրենիք ու բնակավայր։ Ցաւալի այս դէպքերուն դիմաց, կը կանգնինք մեր ղըպտի հաւատակիցներուն կողքին, որովհետեւ ոեւէ քրիստոնեայի դէմ թշնամական արարք կը նկատենք բոլոր քրիստոնեաներուն դէմ ուղղուած արարք”, գրած է Առաջնորդ Սրբազանը, եւ կ’աւելցնէ, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու ապահովութիւնը բոլորիս մտահոգութիւնն է. “կ’աղօթենք առ Աստուած, որ հալածանքի ու բռնադատութիւններու ենթարկուող համայնքներու զաւակները տոգորէ տոկունութեամբ, վստահ ըլլալով, որ բարին ի վերջոյ պիտի յաղթէ չարին։”

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՃԵՐԻ ԹԱՐԽԱՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Առաջնորդ Սրբազանը ցաւակցական նամակ մը յղեց նաեւ ամերիկեան պասքեթպոլի աշխարհի նշանաւոր դէմքերէն՝ մարզիչ Ճերի Թարխանեանի զաւկին՝ Տէնիի, վշտակցելով մարզիչին մահուան առիթով։ Ինչպէս ծանօթ է, Ճերի Թարխանեան անցեալ շաբաթ մահացած էր Լաս Վեկասի մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Ճերի Թարխանեանի նուիրումը՝ մարզիչի իր ասպարէզին, որ զինք հասցուց հռչակի եւ սիրելի դարձուց ո՛չ միայն մարզիկներուն, այլ նաեւ մարզասէրներուն։

***

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Չորեքշաբթի, 25 Փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Առաւօտեան ժամը 10:00ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի արարողութենէն ետք, ժամը 11։30ին, Կլենտէյլի Impressions ճաշասրահին մէջ (212 N. Orange St.)։

Պիտի իրագործուի գեղարուեսարական յայտագիր եւ պիտի հրամցուի տոհմիկ ճաշեր։ Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել Ազգ. Առաջնորդարան։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022