Շաբաթական Լուրեր – 21 Փետրուար 2014

ՀՕՄԻ ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ, ՏԵՂԱԿԱԼ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

GurgenMargaryanԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Փետրուարի վերջին Կիրակին յարգանքի օրն է ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն, որ կը յիշատակուի հոգեհանգստեան արարողութեամբ։

Կիրակի, 23 Փետրուար 2014ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի նաեւ տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին, իր սպանութեան 10րդ տարելիցին առթիւ, ինչպէս նաեւ Սումկայիթիի, Պաքույի եւ Մարակայի ջարդերու զոհերու հոգիներուն համար։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ աղօթքով միանայ նուիրեալ հայուհիներու, ինչպէս նաեւ Տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանի ու մեր Սումկայիթի, Պաքույի ու Մարակայի  ջարդերու զոհերուն հոգեհանգստեան ու յիշատակին արարողութեանց։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Քոլորատոյի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022