Շաբաթական Լուրեր – 15 Յունուար 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

– «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

VehaparՀայց. Առաք. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2016ը Ս. Յովհաննու Մկրտիչի ծննդեան տօնն էր։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է մեր Թեմի Հոլիվուտի եւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցիներուն։

Այս առիթով, Կիրակի, 17 Յունուարին, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Պիտի պատարագէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք։

Այս տօնին առիթով, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը ստեղծած է բարի աւանդութիւն մը, որուն համաձայն, Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի կþունենայ աւանդական տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Այս հանդիսութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը կը պատուեն ծխական համայնքին բազմամեայ ծառայութիւն ունեցող նուիրեալներ։ Այս տարի պատիւի պիտի արժանանայ Տիար Աբրահամ Թաշճեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2016 տարին հռչակած է «Ծառայութեան Տարի»։ Կիրակի, 17 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022