Շաբաթական Լուրեր – 22 Յունուար 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

St. SarkisՀայց. Առաք. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 23 Յունուար 2016ը Ս. Սարգիս Զօրավարին եւ իր որդւոյն՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու տօնն է, նաեւ՝ անուանակոչութեան տօնը Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ։

Այս առիթով, Կիրակի, 24 Յունուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի փոխանցէ եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին պիտի սպասարկեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որոնք կոչուած են ծառայելու մեր Թեմին մէջ:

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ անդրանիկ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Անդրէասեանի եւ եկեղեցւոյ ծառայած ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ս. Պատարագէն ետք, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան, տեղի պիտի ունենայ սիրոյ ճաշ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ։

Իսկ Շաբաթ, 23 Յունուարի, երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի կատարուի ժամը 7:00-ին։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։

***

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

– ՀՈԳՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

GhevontYeretsՄեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս տարի 2 Փետրուարը տօնն է Ս. Ղեւոնդեանց: Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը մեր Թեմին մէջ կը յիշատակուի հոգեւորականաց համագումարով եւ Ս. Պատարագով։

Այս տարի, Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից համագումարը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ մը առաջ, Չորեքշաբթի, 27 Յունուարին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Իսկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ որպէս Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու հոգեպարար արարողութեան, լսելու Հայր Սուրբին անդրանիկ քարոզը եւ հաղորդակից ըլլալու Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութեամբ ամրագրուած պատգամին:

Իսկ Երեքշաբթի, 2 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։ Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի աշակերտները։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ

ARF125thՀայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125րդ տարեդարձին առիթով, եւ նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէին, Կիրակի, 17 Յունուարի երեկոյեան, Փասատինայի Civic Auditorium-ին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն մը, ներկայութեամբ ներկայացուցչական դէմքերու եւ աւելի քան 3,000 ազգայիններու:

Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ հանդիսութեան: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որոնք հոգեւոր ծառայութեան կոչուած են մեր թեմին մէջ: Ներկայ էին նաեւ Թեմիս հոգեւորականաց դասու եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքի անդամներ, կուսակցական եւ միութենական պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ:

Գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներէն՝ հայրենի քաղաքական գործիչ Տիար Արմէն Ռուստամեան: Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

***

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ

HrantDinkՊոլսահայ Միութեան նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 19 Յունուարի երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն մը՝ լրագրող եւ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան 9րդ տարելիցին առիթով:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ եղաւ յուշահանդէսին: Նոյն օրը, աւելի կանուխ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցած էր Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ: Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան մասնակցեցաւ արարողութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ յիշատակի հանդիսութեան:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022