ՔՐԻՍՏՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳէ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հովուական այցով կը գտնուի Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքին հետ։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, 8 Յունուար 2017-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի ունենալով, որ եկեղեցին յաջորդ շաբաթ պիտի նշէ իր անուանակոչութեան տօնը, Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով իր բարեմաղթութիւնները պիտի փոխանցէ ծխական համայնքի զաւակներուն, յաւելեալ կորով մաղթելով անոնց եւ բարգաւաճում՝ եկեղեցւոյ:
Արարողութենէն ետք, «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան ճաշ։
***