Շաբաթական Լուրեր – 8 Յունուար 2016

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 2016-Ը ԿԸ ՀՌՉԱԿԷ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական յատուկ պատգամով մը 2016ը հռչակած է «Ծառայութեան Տարի»։

Ամբողջ տարուան ընթացքին Հայրապետական այս պատգամը ուղեցոյց պիտի ծառայէ լուսարձակի տակ առնելու ծառայութեան կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ազգին կեանքէն ներս: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերն ու ազգային կառոյցները, անսալով Նորին Սրբութեան կոչին վերարժեւորումի պիտի ենթարկեն եւ յատուկ ծրագիրներ մշակեն առաւել եւս արդիւնաբեր ծառայութիւն մատուցելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ծառայութեան Տարի»-ի այս պատգամին մէջ կ’անդրադառնայ ծառայութեան էական կարեւորութեան մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, ազգին բարգաւաճումին, հայրենիքի կերտումին եւ իւրաքանչիւր հայ անհատի բարօրութեան համար: (Click here to read the proclamation of His Holiness)

***

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 7ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 10 Յունուար 2016ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, մատաղօրհնէք պիտի կատարէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը պիտի փոխանցէ ծխական շրջանին հիմնադրութեան 7րդ տարեդարձին առիթով։ Ս. Պատարագը կը սկսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին։ Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 13050 Vanowen Street, North Hollywood (St. Paul Assyrian Chaldean Catholic Church)։

Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5-ին, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի ընտանեկան ճաշկերոյթ խրախճանք տեղի պիտի ունենայ »Սայաթ Նովա« ճաշարանին մէջ, Կլենտէյլ։ Գեղարուեստական յայտագիրի կողքին, պիտի իրագործուի փոքրիկներու յատուկ ծրագիր։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022