ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս.
buy diflucan online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/diflucan.html no prescription
ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 3 Յուլիս 2016ը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է։
Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք պիտի շնորհէ եկեղեցւոյ դպիրներ՝ Սարգիս Նաճարեանի, Նարեկ Խաչատուրեանի եւ Աւետիս Փաթաթեանի։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ խնդակից ըլլալու նոր ուրարակիրներուն:
***