Շաբաթական Լուրեր – 25 Յուլիս 2014

ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

TransfigurationԿիրակի, 27 Յուլիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է։

Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

27 Յուլիս 2014ը նաեւ 31-րդ տարելիցն է Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութեան։ Նկատի ունենալով որ Տաղաւար տօներուն հոգեհանգիստ չի կատարուիր, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի խնդրանքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ “Տէր Ողորմեա”ի յատուկ աղօթք պիտի կատարուի Լիզպոնի հինգ հերոսներուն յիշատակին։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ
ՀԱՅՐ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ՍԵՔՈՒԼԵԱՆԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Fr-Augustine-SzekulaԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Մարտիրոսեան ցաւակցական նամակ մը յղեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանին, Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ եւ երախտաշատ հոգեւորական Տ. Օգոստինոս Վրդ. Սեքուլեանի վախճանման առիթով:

Իր ցաւակցական նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ հոգելոյս Հայր Սուրբին վաստակն ու ծառայութիւնները՝ Քրիստոսի եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին ու հայ դպրոցին, շեշտելով, որ ան “եղաւ հաւատաւոր պաշտպան մը մեր լեզուին ու ազգային ժառանգութիւններուն, անոր վաստակին մէջ կարեւոր տեղ ունեցաւ այդ բոլորը նորահաս սերունդներուն փոխանցելու իր նուիրումը”: Առաջնորդ Սրբազանը, նոյն նամակին մէջ, Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան ու իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան աբբահօր՝ Տ. Եղիա Վրդ. Քիլաղպեանին:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022