Շաբաթական Լուրեր – 31 Յուլիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ
ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 2 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն բերուած նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարուի եւ օրհնուած ջուրը պիտի բաշխուի հաւատացեալներուն։ Յայտնենք, որ ջրօրհնէքի արարողութիւններ պիտի կատարուին նաեւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն, մէջ, յառաջիկայ շաբաթներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ