Շաբաթական Լուրեր – 8 Յուլիս 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

– ՈՂՋԵՐԹԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ Տ. ԽՈՐԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՀԱՊԷՇԵԱՆԻ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին։ Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016ի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ ողջերթի ճաշկերոյթի մը, ի պատիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի, որ հանգստեան կը կոչուի շուրջ 50 տարիներու ծառայական առաքելութենէ մը ետք, որուն վերջին հինգ տարիները անցան Ս.
buy renova online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/renova.html no prescription

Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի ծառայութեան մէջ:

Կիրակի, 10 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան պիտի հանդիսապետէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր պիտի մատուցանէ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի ունենայ եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան հետ, նկատի ունենալով, որ ծխական այս շրջանը կը պատրաստուի այս տարի տօնելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022