Շաբաթական Լուրեր – 16 Յունիս 2017

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ՀՈԳՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ

LanchakhachԿիրակի, 18 Յունիս 2017-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեց երիտասարդ միաբան հայրերու շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք. անոնց կարգին են Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ.
buy abilify generic https://buynoprescriptiononlinerxx.net/abilify.html over the counter

Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեան։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ընթերցէ հայրապետական կոնդակը եւ Հայր Տաճատին պիտի յանձնէ վարդապետական լանջախաչը։

***

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ Ս. ԳՐԱՅԻՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

VBS_webՄեր Թեմի եկեղեցիներուն հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւններն ու Կիրակնօրեայ Վարժարանները վերջին տարիներուն ստեղծած են բարի աւանդութիւն մը. ամրան ընթացքին, մանուկներու եւ պատանիներու համար կը կազմակերպուին դաստիարակչական ծրագիրներ, մասնակիցներուն կը ջամբուին քրիստոնէական դաստիարակութիւն, հայերէն լեզու եւ մշակոյթ, եւ այս բոլորը՝ հաճելի ժամանցի մթնոլորտի մէջ:

Այս տարի, ամառնային դասընթացքները կը կիրարկուին հետեւեալ ժամանակացոյցով.

Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Ս. Գրային ամառնային դպրոցը տեղի պիտի ունենայ 19էն 23 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 9էն 12, մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտներու համար:

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Գրային դպրոցը տեղի պիտի ունենայ 25-29 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօր:

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Գրային դպրոցը պիտի սկսի 10 Յուլիսին եւ պիտի տեւէ 4 շաբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2, երեք տարեկան եւ վեր մանուկներու ու պատանիներու համար:

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Լուսաւոր Ճամբար» բանակումը տեղի պիտի ունենայ 16էն 22 Յուլիսին, Mount Kare Camp-ին մէջ: Բանակումին մասնակիցները պիտի ունենան հաճելի շաբաթ մը, յագեցած կրօնական, դաստիարակչական, մարզական եւ մշակութային գործունէութեամբ։ Այս բանակումին կրնան մասնակցիլ 6-16 տարեկան մանուկներն ու պատանիները։

Կոչ կ’ուղղենք ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները մասնակից դարձնեն այս օգտակար ծրագիրներուն: Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարելի է կապ պահել եկեղեցիներու գրասենեակներուն հետ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022