Շաբաթական Լուրեր – 23 Յունիս 2017

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 22-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

VehaparԿիրակի, 25 Յունիս 2017-ին, Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձին առիթով, Ս. Աթոռոյս բոլոր Թեմերու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական Մաղթանք։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեան եւ աղօթքով խնդրելու Աստուծմէ, որ Նորին Ս. Օծութեան պարգեւէ առողջութիւն, երկար կեանք եւ ընդերկար գահակալութիւն։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԵՐՆԷԶԵԱՆ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՅ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ

LanchakhachԿիրակի, 25 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան։

Նոյն օրը, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շերնէզեանին պիտի յանձնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը, որով վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհուի իրեն, ինչպէս նաեւ պիտի յանձնէ վարդապետական լանջախաչը։

***

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 42-ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ ՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

NavasartianLogoՀ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 29 Յունիսէն 2 Յուլիս տեղի պիտի ունենան 42-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ, Վէն Նայս։ Այս տարուան պատուոյ նախագահն է Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան ամոլը, իսկ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական»ի պատիւին արժանացած է Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան։

Կիրակի, 2 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ փակման հանդիսութեան եւ տողանցքին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամն ու օրհնութիւնները։ Նախընթաց օրերուն, ան նաեւ պիտի այցելէ կրպակները։

Իսկ Շաբաթ, 24 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ ներկայ պիտի ըլլան «Յաղթանակի Պարահանդէս»ին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ բացման աղօթքը եւ պիտի փոխանցէ իր բարեմաղթութիւնները։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022