Շաբաթական Լուրեր – 18 Մարտ 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

HolyWeekԱյս Կիրակի, 20 Մարտ 2016ին, մեր եկեղեցին կը տօնախմբէ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը, Ծաղկազարդը, որ նաեւ սկիզբ կը դնէ քրիստոնեայ աշխարհի ամէնէն խորհրդաւոր շրջանին՝ Աւագ Շաբթուան: Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին դրուագներուն, որոնք իւրայատուկ խորհուրդներով ու պատգամներով կը ներկայանան հաւատացեալին: Աւագ Երեքշաբթին կը յիշատակէ Տասը Կոյսերու առակը, Աւագ Հինգշաբթին նուիրուած է Վերջին Ընթրիքին, երբ Յիսուս խոնարհաբար լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, իսկ նոյն գիշերը մատնուեցաւ, ձերբակալուեցաւ եւ դատուեցաւ: Աւագ Ուրբաթը յիշատակումն է Յիսուսի խաչելութեան ու թաղման, Աւագ Շաբաթը՝ Ճրագալոյց է, իսկ Կիրակին Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնն է:

Ստորեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աւագ Շաբթուան ժամանակացոյցը.-

Ծաղկազարդ – Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին

Աւագ Երեքշաբթի – Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին

Աւագ Հինգշաբթի
Ոտնլուայ – Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի, Հոլիվուտ, կ.ե. ժամը 4։30-ին
Խաւարում – Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին

Աւագ Ուրբաթ – Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Փասատինա, երեկոյեան ժամը 7:00-ին

Ճրագալոյց – Ս. Խաչ Մայր Տաճար, Մոնթեպելլօ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին

Ս. Յարութիւն – Զատիկ – Ս.
buy temovate Canada https://www.epsa-online.org/wp-content/languages/new/temovate.html no prescription

Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ, առաւօտեան ժամը 9։30-ին

Իսկ Երկուշաբթի, 28 Մարտին, Ս. Յարութեան Մեռելոցի օրուան առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Hollywood Hills-ի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty” սրահին մէջ, եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022