Կիրակի, 30 Մարտը, Մեծ Պահոց շրջանի Ե. Կիրակին է, Դատաւորի Կիրակին։
Իսկ Շաբաթ, 29 Մարտը, տօնն է Ս. Քառասնից Մանկանց, քրիստոնէութեան լոյս հաւատքին համար իրենց կեանքը զոհած 40 զինուորներուն։ Այս տօնը նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, Կիրակի, 30 Մարտ, 2014ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի փոխանցէ եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։