Շաբաթական Լուրեր – 7 Մարտ 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ

SanFranciscoChurchԱյս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ։

Կիրակի, 9 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճան։ Ս. Սեղանին պիտի սպասարկեն Բարեշնորհ Խաչիկ Սարկաւագ Շաննագեան եւ Բարեշնորհ Աւօ Սարկաւագ Մարգարեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին եւ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։

Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ ՀՕՄ-ի «Երեբունի» մասնաճիւղի 80-ամեակի տօնակատարութեան, եւ պիտի փոխանցէ իր շնորհաւորանքի խօսքը եւ օրհնութիւնները։

***

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Lent-Lunch-TicketՉորեքշաբթի, 12 Մարտին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը։

Առաւօտեան ժամը 10:00ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։

Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի արարողութենէն ետք, ժամը 11։30ին, Կլենտէյլի Carousel ճաշարանին մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Պիտի իրագործուի գեղարուեստական յայտագիր. պիտի հրամցուին Պահքի յատուկ ճաշեր։

Մեծ Պահոց մասին պիտի խօսի Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022