Շաբաթական Լուրեր – 15 Մայիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 17 Մայիս 2015ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող եօթներորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Ս. Պատարագը պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։

***

Բ. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԵՒ ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

VE-Day2Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, դաշնակից ուժերու յաղթանակին 70ամեակին առիթով, եւ անոր ընթացքին զոհուած Հայ նահատակ զինուորներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Շուշիի ազատագրութեան 23րդ տարեդարձին առթիւ, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Երկուշաբթի, 11 Մայիսի երեկոյեան կազմակերպած էր յիշատակութեան ու գնահատանքի ձեռնարկ մը: Ծանօթ է որ երկու յաղթանակաները կը զուգադիպին նոյն օրուան՝ 9 Մայիսին:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին: Երեկոն սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգերու եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութեամբ, ապա Հայր Սուրբը բեմ հրաւիրուեցաւ բացման աղօթքը կատարելու: Աղօթքի աւարտին, Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնները եւ հանդիսականները շնորհաւորեց ըսելով. «Օրհնեալ ըլլան ազատ անկախ մեր Մայր Հայաստանը, Ղարաբաղը, Շուշին եւ անոնց ազատագրութեան համար զոհուած մեր բոլոր նահատակներուն յիշատակը»:

Արտասանուեցան սրտի խօսքեր. Լոս Անճելըս գաւառի Supervisor Մայքըլ Անթոնովիչ, իր ողջոյնի խօսքէն ետք, հռչակագիր մը յանձնեց գլխաւոր հիւպատոս Սէրգէյ Սարգիսովի: Գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան. խօսք առաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէր Աւետիսեան: Գլխաւոր հիւպտոսը երեկոյի փակման իր խօսքին մէջ գնահատեց վեթերանները եւ վեր առաւ կրկնակի յաղթանակի օրուան արժէքը:

Պաշտօնական բաժինի աւարտին, տեղի ունեցան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը եւ հիւրասիրութիւն:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022