ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 44-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016ի յէտմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 44րդ նստաշրջանի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեմիս հոգեւոր հովիւներ, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամները, Երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ ու վարիչներ, եւ Խնամակալ Մարմինի ու CASPSի անդամներ։
Ժողովը պիտի քննարկէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ պիտի մշակէ յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն գլխաւոր գիծերը, որոնք կ’ընդգրկեն եկեղեցական, կրթական ու յարակից մարզերը։ Օրակարգի վրայ են Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ընտրութիւններ։
Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 22 Մայիսին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն՝ հանգուցեալ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի հոգւոյն համար, վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։
Արարողութենէն ետք, Կիրակնօրեայ Վարժարանին ամավերջի հանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ հանդէսին եւ պիտի կատարէ վկայականներու բաշխում։
***