Շաբաթական Լուրեր – 23 Մայիս 2014

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

May28Չորեքշաբթի, 28 Մայիսը, Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հիմնադրութեան 96րդ տարեդարձն է։

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 25 Մայիսին, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութեան արարողութիւն պիտի կատարուի Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, յատուկ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած բոլոր հերոսամարտներուն զոհուած նահատակներուն յիշատակին։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի նախագահէ Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան ու հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

***

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

PasadenaGrads2Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Փասատինայի պետական երկրորդական վարժարաններու հայ շրջանաւարտներու գնահատանքի 25րդ տարեկան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 21 Մայիսի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը. կազմակերպուած էր Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազանը շրջանաւարտներուն պատգամ մը ուղղելով՝ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց արձանագրած յաջողութեան մասին եւ յորդորեց զանոնք ծառայել մեր եկեղեցւոյ ու հաւաքական կեանքին։

***

ԹԵՄԻՍԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ
ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐՈՒԱՆ

OrthodoxPraiseՇաբաթ, 17 Մայիսին, Ուղղափառ եկեղեցիներու 7-րդ տարեկան “Օրթոտոքս Փառաբանութեան Օր” հաւաքը տեղի ունեցաւ Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հայց.
buy valif online nouvita.co.uk/wp-content/themes/twentynineteen/fonts/en/valif.html no prescription

Առաքելական, Ղըպտի, Ասորի, Ռուսական, Սերպիոյ, Անտիոքի, Եթովպիոյ, Ռումանիոյ եւ այլ եկեղեցիներու։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով ներկայացուց իր շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ազգ. Առաջնորդարանի “Լուսաւորիչ” երգչախումբը մասնակցեցաւ այս հաւաքին, ղեկաւարութեամբ խմբավար Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022