Շաբաթական Լուրեր – 13 Նոյեմբեր 2015

ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 40-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

GlendaleChurchԿլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը:

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2015ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը: Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութիւնն ու օծումը պիտի կատարէ երեք մեծ խաչերու, որոնք պիտի տեղադրուին եկեղեցւոյ 3 գագաթներուն վրայ։

Շաբաթ, 14 Նոյեմբերի երեկոյեան, եկեղեցւոյ Հովիւներուն, Հոգաբարձութեան եւ 40-ամեակի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեդարձի ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

***

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ ՄԷՋ

Las-Vegas-MonumentԸնդառաջելով Լաս Վեկասի Հայ-Ամերիկեան Մշակութային Ընկերակցութեան հրաւէրին, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութեան, Sunset Park-ի մէջ, Լաս Վեկաս։

Արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Լիբանանի պետութեանց ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Առաջնորդ Սրբազանը Լաս Վեկաս պիտի ժամանէ Ուրբաթ, 13 Նոյեմբերին, եւ ներկայ պիտի ըլլայ համայնքի զաւակներուն ընտանեկան աւանդական երեկոյին:

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022