Շաբաթական Լուրեր – 26 Նոյեմբեր 2014

Սիրելի Հայորդիներ,

Thanksgiving-PrayerԳոհաբանութեան այս տօնին, ու տարուան բոլոր օրերուն, շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ Իր պարգեւած բարիքներուն, մասնաւորաբար մեր մեղքերու թողութեան ու փրկութեան խոստումին համար: Ամէն օր յիշենք եւ երախտապարտ ըլլանք կեանքի բոլոր բարիքներուն համար, ու Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը տարածենք ամէնուրեք, մեզի շնորհուած օրհնութիւններուն բաժնեկից դարձնելով կարիքաւորները:

“Ուստի հիմա, ով մեր Աստուածը, Քեզմէ շնորհակալ կ’ըլլանք ու Քու պանծալի անունդ կը գովաբանենք” (Ա. Մնացորդաց, 29:13)

Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի ընտանիքը բարի Գոհաբանութեան տօն կը մաղթէ Ձեզի:

Աղօթարար՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Առաջնորդ

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022