Շաբաթական Լուրեր – 16 Հոկտեմբեր 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԹԷՈԴՈՐՈՍ Բ. ՊԱՊԻՆ

EncinoChurchԿիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը, ընդառաջելով Ղըպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի հրաւէրին, ներկայ պիտի ըլլայ պաշտօնական ճաշկերոյթ-ընդունելութեան մը, ի պատիւ Ղըպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պետին՝ Նորին Սրբութիւն Թէոդորոս Բ. Պապին, ու յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մեր Թեմի հաւատացեալներուն, պիտի փոխանցէ իր ողջոյնի խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանին պիտի ընկերանայ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պէտուրեան։ Նշենք, որ Պապը իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տայ Լոս Անճելըս: Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ «Hilton Anaheim» պանդոկին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022