Շաբաթական Լուրեր – 28 Հոկտեմբեր 2016


ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 53-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

EncinoChurchԱյս շաբաթավերջին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցին պիտի տօնէ եկեղեցւոյ օծման 53-րդ տարեդարձը։

Այս առիթով, Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը փոխանցէ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն:

Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եւ կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ 53-ամեակի Յանձնախումբին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը։

Իսկ Շաբաթ, 29 Հոկտեմբերին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ «Կրէյթ Սիզըր» սրահին մէջ:

***

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԻ 80-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

jhagopianԿիրակի, 30 Հոկտեմբերին, մեծ շուքով պիտի նշուի անուանի բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 100 եւ Հայ գրականութեան ի սպաս մատուցած ծառայութեան վաստակի 80-ամեակները։ Տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ մէջ (125 S. Louise St.), հովանաւորութեամբ՝ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր Հիւպատոսութեան, Արեւմտեան մեր Թեմին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին ու Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան, եւ կազմակերպութեամբ՝ Մաշտոց Քոլէճի, գործակցութեամբ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու։

Կը հրաւիրենք համայնքիս հայորդիները ներկայ գտնուելու պատմական այս տօնախմբութեան, միասնաբար նշելու համար արդի հայ գրականութեան լաւագոյն հեղինակներէն՝ Ժագ. Ս. Յակոբեանի յոբելինական զոյգ ամեակները։ Ձեռնարկը սկիզբ կ’առնէ ժամը 6։00-ին։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022