ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
– ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ին, Տօն Վարագայ Ս. Խաչի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը:
Ս. Պատարագին ներկայ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամներէն Տիար Կարօ Փայլան, որ այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, հանդիպումներ ունենալու հայ համայնքի պատասխանատուներու հետ, պարզելու համար Թուրքիոյ հայութեան եւ այլ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած հարցերը:
Յետմիջօրէին, Տիար Փայլան պիտի այցելէ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանը, իսկ երեկոյեան, ներկայ պիտի ըլլայ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ: