Շաբաթական Լուրեր – 4 Սեպտեմբեր 2015

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

MusaDagh100 տարի առաջ, Թուրքիոյ պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան օրերուն, Մուսա Լերան զաւակները ինքնապաշտպանութեան հերոսական ճակատամարտ մղեցին ջարդարարին դէմ եւ իրենց հայրենի լեռներու բարձունքներուն ապաւիներով, 53 օր անհաւասար կռիւով ապահովեցին իրենց փրկութիւնն ու վերապրումը: 21 Յուլիսէն մինչեւ 12 Սեպտեմբեր տեւած հերոսամարտին շնորհիւ, շրջանի վեց գիւղերու բնակիչներէն փրկուեցան աւելի քան 4,000 հոգի, որոնք ֆրանսական փրկարար ռազմանաւու մը միջոցով փոխադրուեցան Եգիպտոս, Ա. Աշխարհամարտի աւարտին վերադառնալու համար պապենական հողերը եւ վերականգնելու իրենց կեանքը: Մուսա Լերան զաւակները շուրջ 20 տարի ետք դարձեալ ստիպուեցան լքել իրենց դարաւոր հայրենիքը, զոհ երթալով միջազգային դաւադիր հաշիւներու:

Հերոսամարտի 100րդ տարեդարձին առիթով, ֆրեզնոյաբնակ մուսա-լեռցիները այս տարի երեք օրերու վրայ երկարող յատուկ տօնախմբութեամբ մը պիտի նշեն յաղթական ճակատամարտին դարադարձը՝ Fresno County Peace Officer’s Training Grounds հաւաքավայրին մէջ (7633 N. Weber Ave., Fresno, 93722):

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ֆրեզնօ պիտի ժամանէ, մասնակից ըլլալու համար այս պատմական հանգրուանին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։

Տօնակատարութիւնը կ’ընդգրկէ եկեղեցական արարողութիւններ, դասախօսութիւն եւ խրախճանք: Տօնախմբութիւնը պիտի սկսի Շաբաթ, 5 Սեպտեմբերի երեկոյեան. Շաբաթ երեկոյ, տեղի պիտի ունենայ աղի օրհնութեան արարողութիւնը, որմէ ետք պիտի սկսի հերիսայի պատրաստութիւնը: Կիրակի, 6 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ հերոսամարտի սերունդի ժառանգորդներուն, ապա նաեւ պիտի կատարէ հերիսայի օրհնութիւնը: Ս. Սեղանին պիտի սպասարկեն Հայր Պօղոս եւ սարկաւագներ։ Ս. Պատարագէն ետք, պիտի դասախօսէ Հայ Աւետարանական Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի վարիչ Տիար Լեւոն Ֆիլեան: Յետմիջօրէն պիտի անցնի խրախճանքի մթնոլորտի մէջ: Իսկ Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերի առաւօտուն, Piccadilly Buffet-ի (2305 W. Shaw Ave., Fresno, 93711) մէջ տեղի պիտի ունենայ Յաղթանակի նախաճաշ:

Մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է մասնակից ըլլալու հերոսամարտի 100ամեակին նուիրուած արարողութեանց ու տօնակատարութեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022