Շաբաթական Լուրեր – 9 Սեպտեմբեր 2016

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԵՒ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

– ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Cross-with-BasilԱյս Կիրակի, 11 Սեպտեմբեր 2016ին, մեր եկեղեցին պիտի տօնախմբէ Ս. Խաչի Վերացման տօնը, որ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է, ինչպէս նաեւ Խաչի նուիրուած չորս տօներէն մեծագոյնն ու կարեւորագոյնը։

Նկատի ունենալով, որ այս տօնը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնն է, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, պիտի քարոզէ եւ դպրութեան աստիճան պիտի շնորհէ եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասարկուներէն՝ Ալեքս Մանուկեանի, Հրակ Հարպոյեանի, Փառէն Տէր Պետրոսեանի, Կարօ Քէլլէեանի, եւ Պերճ Պապիկեանի՝ որ նաեւ ուրար կրելու իրաւունք պիտի ստանայ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» սրահին մէջ պիտի կատարէ մատաղի ու ռեհանի օրհնութիւն, ապա տեղի պիտի ունենայ հաւաքական սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Խաչվերացը յիշատակումն է պատմական դէպքի մը: 614-ին, բիւզանդական-պարսկական պատերազմի ժամանակ, Պարսից Խոսրով Բ. թագաւորը կը գրաւէ Երուսաղէմն ու կը կողոպտէ։ Քրիստոնեաները անպատուելու համար նաեւ գերի կը վերցնէ Քրիստոսի խաչափայտը, որ Կոստանդիանոս կայսեր մօր՝ Հեղինէ թագուհիին կողմէ զետեղուած էր Երուսաղէմի Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ։ 14 տարի ետք, 628-ին, Բիւզանդիոնի Հերակլ կայսրը կը գրաւէ Տիզբոնը, կ’ազատագրէ Խաչափայտն ու փառաւոր հանդէսով կը վերադարձնէ Երուսաղէմ։

ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
Խաչվերացի տօնը նաեւ մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի օրն է։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պատարագի ու Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, նոր տարեշրջանը աղօթքով սկսելու համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022