Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ Նստաշրջանը Կեդրոնացաւ Վերակազմակերպման եւ Վերակենսաւորման Վրայ – Գնահատանք՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Կարպիս Գարամարտեանի

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 17 եւ Շաբաթ, 18 Մայիս 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Վահէ Եագուպեան եւ Կայծակ Զէթլեան, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան կազմը, ազգային երեսփոխանները, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհին, CASPS-ի ատենապետը, վարժարաններու ու մանկամսուրներու տնօրէններ ու վարիչներ։ Ժողովին հիւրընկալն էր Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից եկեղեցւոյ ծխական շրջանը։

ԲԱՑՈՒՄ

Ողջունելէ ետք ներկաները, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը, որ մասնակից ըլլան նիստին բացման աղօթքին։ Երգուեցաւ «Հայր Մեր»ը եւ արտասանուեցաւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ժողովը եւ հրաւիրեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը ընթերցելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ ժողովիս ուղղուած օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։

Իր պատգամին մէջ, ողջունելէ ետք Թեմակալ Առաջնորդը, հոգեւոր դասն ու Ազգային Իշխանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը կը յորդորէր ժողովականները, որ կեդրոնանան վերակազմակերպման եւ վերանորոգման գործընթացին, որուն սկիզբը դրած էր ան երկու տարի առաջ, շեշտելով համայնքի կեանքին վերակակառուցման վերակենսաւորման եւ վերաշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Ան կոչ ուղղած էր, որ զարկ տրուի երիտասարդ քահանաներու պատրաստութեան, առաւել իգական սեռի ներկայացուցիչները թեմական կեանքէն ներս ներգրաւուին ի խնդիր եկեղեցւոյ վերանորոգման։Վեհափառը խօսքը կ’եզրափակէր գնահատանք արձանագրելով Առաջնորդ Սրբազանին, բոլոր հոգեւորականներուն, Ազգ. Վարչութեան եւ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայող նուիրեալներուն, յաջողութիւն մաղթելով իրենց յառաջիկայ գործունէութեան։

Այնուհետեւ, ժողովը անցաւ իր օրակարգի լուծման։ Ատենապետներ ընտրուեցան Տեարք Հրայր Պալեան եւ Տոքթ. Կարօ Յակոբեան, եւ ատենադպիրներ՝ Տեարք Համօ Գասպարեան եւ Չոհրապ Սրկ. Եարալեան։ Սիրտի խօսք արտասանելու հրաւիրուեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան, որ վեր առաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին դերը եւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ թելադրուած վերակազմաւորման յոյժ կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով որ Ժողովը լրջօրէն կը քննարկէ հարցերը եւ գործնական ու շինիչ ծրագիրներ ու որոշումներ կ՛որդեգրէ։

Ազգային Վարչութեան կազմին անունով խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ան յանուն Ազգ. Վարչութեան, ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Ազգ. Վարչութեան վստահուած էին անցեալ տարիներու աշխատանքները, ու մաղթեց, որ Ս. Աթոռոյս ու մեր Թեմի վերելքը եւ մեր ժողովուրդին ծառայութիւնը շարունակուի արդիւնաւոր կերպով։

Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, ատենապետը Տիար Մանօ Տիշոյեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ծխական այս շրջանին վստահուած է ժողովի հիւրընկալումը եւ յաջողութիւն մաղթեց ժողովին։

Ապա, իր պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայեց գումարելու Թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 47-րդ նստաշրջանը, ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր պատգամներով ու թելադրանքներով ուղեցոյց կը հանդիսանայ Թեմիս աշխատանքներուն։ Ան յիշեցուց, որ 24 տարուան մէջ, այս մէկը 25-րդ ժողովն է, որուն նախագահելու պատիւն ու առանձնաշնորհումը կը վայելէ, շնորհաւորեց ժողովիս առաջին անգամ մասնակցող Լաս Վեկասի նորընտիր երկու երեսփոխանները, եւ մաղթեց, որ բոլորը ծառայեն հաւատքով, նուիրումով, պատասխանատուութեան զգացումով, եղբայրական սիրով, փոխադարձ յարգանքով եւ հասկացողութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով, որ մենք չենք կրնար մեր Տիրոջ փառքին ցոլացումը ըլլալ, եթէ մեր անհատական եսին ու փառքին յագուրդ տանք։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ վերջին քառորդ դարու ընթացքին, արձանագրուած են յիշատակելի նուաճումներ, շեշտելով որ տակաւին կայ աւելի՛ն, որ պէտք է իրագործուի, ապա յիշեցուց որ երկու տարի առաջ Վեհափառ Հայրապետը վերանորոգման եւ վերակազմաւորման կոչ ուղղած էր բոլոր Թեմերուն, նաեւ իր պատգամին մէջ եւս շեշտը դրած՝ վերակենսաւորման եւ վերակառուցման վրայ, «Վեհափառ Հօր կոչին անսալով, մենք օրին գործնական քայլերու դիմեցինք եւ ցարդ կը գործենք այդ ուղղութեամբ։ Այսօր, հաւաքաբար կը վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը այս կարեւոր ծրագիրին եւ միասին կը գործենք այն տեսլականով, որ մեր եկեղեցիները դառնան մեր համայնքներուն սիրտերն ու մեր ժողովուրդին հաւատքի փարոսները» եզրակացուց առաջնորդ սրբազանը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, մեր եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ յարակից մարմիններու իւրաքանչիւր անդամին, անոնց գործունէութեան եւ տարած ճիգերուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ երկու օրերուն ընթացքին լրջօրէն քննարկուին հարցերը, յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ այսօրուան թէ ապագայի մեր սերունդներուն, աղօթելով որ Աստուած օրհնէ բոլորը եւ պարգեւէ իմաստութիւն, հեռատեսութիւն եւ քաջութիւն մեր ծառայութեան մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան, այս ժողովի հիւրընկալումին համար եւ հուսկ մաղթեց, որ միշտ ապաւինինք մեր Տիրոջ պաշտպանութեան, Ս. Հոգւոյ շնորհներուն եւ մանաւանդ ուշադիր ըլլանք, որ «Ս. Հոգիին կրակը մեր մէջ չմարենք»։

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի օրակարգի յատկանշական կէտերէն մէկն է ծխական շրջաններու զեկուցումները. այս ծիրին մէջ, հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ հակիրճ տեղեկութիւններ տուին իւրաքանչիւր շրջանի կարեւոր իրագործումներուն, շինարարական աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, ապա նաեւ փորձառութիւններ ու տեսակէտներ փոխանակեցին ընդհանուրը շահագրգռող բնագաւառներու շուրջ։

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ, ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ

Տարիներու աւանդութիւն է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի գումարման առթիւ, գնահատել եւ յատուկ պատիւի արժանացնել Թեմիս ու հասարակական կեանքին մէջ անսակարկ ու նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող ազգայիններ։

Այս տարի, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութիւնը գնահատանքի արժանի գտած էին Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանը, եւ ընթացիկ այս ժողովիս հիւրընկալ՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկար տարիներու նուիրեալներէն Տիար Կարպիս Գարամարտեանը։

Հայր Սուրբը Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ իր հոգեւոր հովուութեան կողքին, հետեւած էր բարձրագոյն ուսման եւ երկու շաբաթ առաջ տիրացած էր մագիստրոսի տիտղոսին Աստուածաբանութեան մէջ։ Իսկ Տիար Գարամարտեան, որ ներկայիս Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետն է, երկար տարիներ իր նիւթաբարոյական զօրակցութեան՝ կողքին անձնուիրաբար ու անսակարկօրէն ծառայած է Թեմիս եւ Օրէնճ Քաունթիի ծխական համայնքին։ Տիար Գարամարտեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կարողացած ներկայ գտնուիլ ստանձնելու իր գնահատանքի յուշատախտակը։

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Հայր Սուրբը, անոր փոխանցելով յուշատախտակ մը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեանի, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան տիար ատենապետին մասնակցութեամբ։

Յաջորդական նիստերուն, ժողովը լսեց Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի հակիրճ զեկուցումները, այն աշխատանքներուն մասին, որոնք իրականացած էին երեսփոխաններուն շաբաթներ առաջ տրամադրուած գրաւոր տեղեկագիրներու առաքումէն ետք։ Ժողովը մանրամասնօրէն ու հանգամանօրէն քննարկեց տարուած աշխատանքին նիւթական ու բարոյական երեսները, ստացաւ յաւելեալ լուսաբանութիւններ, ու այս բոլորին իբրեւ արդիւնք, «գնահատելի» գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին, զոյգ ժողովներուն ու անոնց հովանիին տակ գործող մարմիններուն ու յանձնախումբերուն աշխատանքին արդիւնքը։

Երեսփոխանական Ժողովի առաջին օրուան նիստերու աւարտին, քննուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի յառաջիկայ տարուան ամավարկը։

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՏԱՐՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Նախքան Շաբաթ օրուան նիստի օրակարգի կէտերուն անցնիլը, Տէրունական Աղօթքէն եւ «Առաւօտ Լուսոյ»-ի երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հոգեւոր դասուն եւ ժողովականներուն մասնակցութեամբ աղօթք բարձրացուց անցեալ տարեշրջանին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Թեմիս ծառայած ննջեցեալներու հոգիներուն համար՝ յիշատակելով բոլորին անունները։

Ապա ժողովը կարեւորութեամբ կանգ առաւ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ տարուան ծրագիրի մշակման գծով ժողովականներու առաջարկներուն ու քննարկումներուն վրայ։ Ծրագիրի կազմումի կիզակէտը հանդիսացան վերակազմաւորման 10-ամեակի ծրագիրով նշուած գլխաւոր կէտերը։

Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան Վարչութեան կողմէ զեկոյց ներկայացուց ծխական շրջաններու անդամական ժողովներու իրավիճակին մասին, ապա առաջնորդական փոխանորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան ներկայացուց վերակազմակերպման 10-ամեայ ծրագրի յանձնախումբի զեկոյցը, որ գլխաւորաբար կ՛ընդգրկէր ծխական շրջաններու վերակենսաւորման, Ս. Աթոռոյս-Թեմիս -ծխական համայքնի հետ յարաբերական ծիրի ընդլայման, երիտասարդներու ներգրաւման եւ քահանայից պատրաստութեան համար նախատեսուած միջոցառումները։

Արձանագրուեցան Հոգեւորականաց Համագումարին, ապա նաեւ ծխական շրջաններու եւ ներկայ երեսփոխաններուն այն առաջարկներն ու տեսակէտները, որոնց հիմամբ կը նախածրագրուին աշխատանքի յառաջիկայ դաշտերը։ Ծրագրումը կարեւոր տեղ տուաւ վերեւ նշուած գլխաւոր կէտերուն, կրկին անգամ ծանրանալով երիտասարդներու ներգրաւման, զանոնք եկեղեցական թէ ազգային կեանքին մասնակից դարձնելու հրամայականին, Քահանայից պատրաստութեան, անդամական ժողովներու եւ ընդհանրապէս Ժողովական կեանքի վերաշխուժացման, մեր աշակերտներուն քրիստոնէական ու կրօնական դաստիարակութիւն ջամբումի, ինչպէս նաեւ իգական սեռի Թեմական կեանքին մէջ մանակցութեան աւելի եւս զարկ տալու կարեւորութեան, եւ այլ կարեւոր հարցերու արժեւորման ու միջոցառումներու ձեռնարկման վրայ։ Շեշտուեցաւ նաեւ ծխականներու հետ եկեղեցւոյ գործակցութեան բարելաւման ու մեր հաւաքական կեանքին նոր որակ ներարկելու, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս սերտացնելու կարեւորութիւնը եւս։

Ապա յառաջիկայ տարուան համար հաշուեքննիչ մարմինի անդամ վերընտրուեցան Տեարք Յակոբ Քրիօղլեան, Կարէն Բենեասեանց եւ Յովիկ Ֆիլհաննէսեան։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Ժողովը իր աւարտին հասաւ Շաբաթ յետմիջօրէին։

Դիւանը յաջողութիւն մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովի մասնակիցներուն եւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ։

Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանին, յատուկ գնահատանք արձանագրեց անձնակազմի անդամներուն եւ գոհունակութիւն արձանագրեց բոլոր ժողովականներու ներդրումին համար, աղօթելով առ Աստուած որ օրհնէ եւ առաջնորդէ բոլորը։

Ժողովը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

Յառաջիկայ տարուան՝ 48-րդ Երեսփոխանական Ժողովի հիւրընկալութիւնը ստանձնեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական շրջանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022