Արեւմտեան Մեր Թեմը Կը Մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին

Երեքշաթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեհարանի դահլիճին մէջ ընթացք առաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2017։ Քառօրեայ Ժողովին մասնակցեցան թեմակալ առաջորդներ, շուրջ հարիւր պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։ Արեւմտեան մեր Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու պատգամաւորները ներկայ էին ժողովին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ

Բացման նիստին, իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ առաջին հերթին հաստատեց, թէ սոյն ժողովը կենդանի վկայութիւն մըն է հայ եկեղեցւոյ հարազատ դիմագիծին, որ յատկանշական է հայկական եկեղեցիին ժողովուրդին եկեղեցին ըլլալուն մէջ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը բնորոշուի որպէս հաւատքի, առաքելութեան եւ ազգային ծառայութեան եկեղեցի, որ պատմութեան ընթացքին կանգուն մնացած է փոթորիկներուն դիմաց, որովհետեւ հաւատարիմ եղած է երկնային ճշմարտութիւններն ու արժէքները աշխարհ տանելու եւ ժողովուրդին ծառայելու քրիստոսատուր պատգամին։

Խօսելով Սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց. «Իմաստութիւնը ու քաջութիւնը պէտք է ունենանք մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու՝ մեր հաւաքական կեանքը վերանորոգելու ու վերակազմակերպելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ըլլալ զգօն եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել այնպիսի մտածելակերպերու, գործելակերպերու ու կենցաղակերպերու նկատմամբ, որոնք կրնան մեր ինքնութեան արմատները կրծել ու մեր արժէքները խաթարել։ Միաժամանակ, անհրաժեշտ է ըլլալ իրատես ու հեռատես, հինը նորով ընդելուզելու ու հարստացնելու, աւանդականը՝ արդիականով, անցեալը՝ ներկայով եւ տեղականը՝ համահայկականով, որպէսզի մեր նոր սերունդները կապենք մեր կեանքին ու կարենանք քայլ պահել ներկայ աշխարհի զարգացումներուն հետ»։ Այս մեկնակէտով, Հայրապետը ժողովին յանձնարարեց յաջորդ քառամեայ գործունէութիւնը ծաւալել հիմնականօրէն կեդրոնանալով հայ ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործման, կրօնական դաստիարակութեան ու ծառայութեան մարզերուն ամրապնդման, հայկական իրականութեան մէջ հայ երիտասարդութեան դերակատարութեան արժեւորման եւ մեր գործունէութեան մէջ անոր ներառման, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ծիրերուն եւ Սփիւռքի վերակազմաւորման ու վերանորոգման հրամայականին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ժողովին տրամադրութեան յանձնեց այս թեմաներուն նկատմամբ իր ունեցած մտահոգութիւնները։ Ան ըսաւ, որ ժողովուրդին կեանքին մէջ նուազած է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն կենսագործման հրամայականը, որուն պատճառով ժողովուրդը կը զգայ այս արժէքներուն պակասը իր առօրեային մէջ։ Հայրապետը կոչ ուղղեց վերանորոգելու Հայ Եկեղեցւոյ ու Աստուածաշունչին փոխանցման ձեւերը եւ մեթոտները։ Կրօնական դաստիարակութեան առընթեր, ծառայութիւնը հիմնական առաքելութիւն մըն է եկեղեցւոյ, աշխատանքները պէտք չէ սահմանափակել մարդասիրական աշխատանքներով, այլ ըլլալ կազմակերպուած ու մասնագիտական, եւ այժմէական աշխատանք տանիլ։

Անդրադառնալով երիտասարդ ուժին, որուն մասին բազմիցս բարձրաձայնած է ինք՝ նշեց. «Մեր երիտասարդութեան ու մեր կառոյցներուն եւ ընդհանրապէս մեր համայնքային կեանքին միջեւ սկսած են խրամատներ գոյանալ։ Մեր երիտասարդութիւնը սկսած է դառնալ անտարբեր մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Լոզունքներ արձակելով ու քննադատական կամ յուսահատական արտայայտութիւններ ունենալով՝ ներկայ մտահոգիչ կացութիւնը չենք կրնար բարելաւել, այլ աւելի կը հեռացնենք մեր երիտասարդները մեր շրջապատէն։ Պէտք է խօսինք մեր երիտասարդներուն հետ, լսենք անոնց մտահոգութիւնները ու սպասումները, եւ մեր կեանքին դուռները լայն բանանք անոնց առջեւ՝ ոչ «մենք»ի եւ «դուք»ի մօտեցումով, այլ հաւաքական «մենք»ի մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն տալով անոնց»։ Ան ընդծեց, որ երիտասարդ մարդուժն է, որ կենսունակութիւն, վերանորոգում ու յառաջդիմութիւն պիտի ապահովէ։

Պատգամին աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Ս. Աթոռին առաքելութեան ամէնէն կարեւոր մարզերէն մէկուն մասին, որն է պահանջատիրութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ Հայ դատի աշխատանքները ճանաչումէն պահանջատիրութեան փուլ անցած է, որ կը յատկանշուի Սիսի դարաւոր Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով ու կը մարմնաւորուի Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսութեան բացած դատով։ Հայրապետը յայտնեց, որ այս քայլը առաջին վճռական քայլն է։ Ան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց, որ հետեւողական ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս կը գտնուի իրաւաքաղաքական ճնշումներու տակ. «հակառակ այս կացութեան, մեր Ս. Աթոռը պէտք է շարունակէ իրաւական գործընթացը», եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։

Իսկ Սփիւռքի վերանորոգման մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը առաջնահերթութիւն համարեց թեմերուն վերակազմակերպումն ու վերանորոգումը, մանաւանդ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի սեմին, որուն առիթով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ համահայկական համագումար պիտի կազմակերպուի եւ կոթող մը պիտի բարձրացուի Մայրավանքին շրջափակին մէջ, ի յիշատակ անկախութեան ճակատամարտերուն նահատակուած եւ անկախութեան համար զոհուած հերոսներուն։

Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Իբրեւ ընդհանուր ուղենիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան՝ կարեւորութեամբ կ՚ուզենք վերյիշեցնել, թէ Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող ո՛րեւէ աշխատանք եւ իրագործուող ո՛րեւէ ծրագիր մէկ հասցէ ունի՝ մեր ժողովուրդը, եւ մէկ նպատակ՝ ժողովուրդին ծառայութիւնը»։

ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Յաջորդ նիստերուն, ներկայացուեցան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները, տեղի ունեցան քննարկումներ:

Կրօնական ժողովին տեղեկագիրին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած էր Դպրեվանքին աշխատանքները, որոնք առնչուած էին առաւելաբար Դպրեվանքը ժողովուրդին տանելու ու զայն հարազատօրէն ներկայացնելու ճիգին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանող ծիրերուն, ինչպէս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի իր դասախօսական-լսարանային ձեռնարկները, սեմինարները, լսարանները, ուխտերթերը եւ այլ աշխատանքներ, նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն բաժանմունքն ու Կրօնական ու Դաստիարակչական հրատարակութիւնները։

Նկատի ունենալով Նորին Սրբութեան գուրգուրանքը երիտասարդ մարդուժին եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու եւ անոնց ձայն ու գործ տալու հրամայականը, տեղեկագիրը կ’անդրադառնար երիտասարդական բաժանմունքին, եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքուած ուսանողութեան՝ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ Համալսարանականներու համախմբումին (ՀՀՀ), նշելով, որ այս բաժանմունքներու նախկին եւ ներկայ անդամներ ներկայիս կը գտնուին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական պաշտօններու վրայ:

Տեղեկագիրը կ’ակնարկէր նաեւ քահանայից պատրաստութեան բաժանմունքին, քրիստոնէական առաքելական հոգեւոր շարժումներու հետ գործակցութեան, նուիրապետական աթոռներու հետ յարաբերութիւններուն, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական շարժումներու հայ եկեղեցւոյ մասնակցութեան, եպիսկոպոսական ժողովին, Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասումին, Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, միաբանութեան, «Շնորհալի» երգչախումբի աշխատանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին:

Քաղաքական ժողովի տեղեկագիրը կը նշէր, որ նախորդ Ազգային ընդհանուր ժողովին, Վեհափառ Հայրապետին պատգամած՝ Սփիւռքի վերակազմաւորման հրամայականը ձեւ ու մարմին սկսած է ստանալ։ Այս իմաստով, Նորին Սրբութիւնը իր գահակալութեան 20-ամեակին առիթով կատարած է հովուապետական այցելութիւններ, որոնք Կաթողիկոսարան-թեմ գործակցութեան կարեւոր տարածքներէն մէկը հանդիսացած են։ Տեղեկագիրը կ’անդրադառնար նաեւ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանց համատեղ ձեռնարկներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Կաթողիկոսութիւն-Արցախի Հանրապետութիւն յարաբերութեանց։ Վերջինին ծիրին մէջ կ՚իյնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ձեռնարկած՝ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինութիւնը։

Տեղեկագիրին մէջ տեղ ունէր Թուրքիոյ դէմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը՝ Սիսի պատմական Աթոռին վերադարձին համար, որուն մասին աւելի ուշ քննարկում կատարուեցաւ։

Տեղեկագիրը կը ներկայացնէր նաեւ մշակութային ու կրթական հարթակներուն վրայ եւ ընկերային ծառայութեան աշխատանքներ։

Շինարարական աշխատաքներու ակնարկելով, տեղեկագիրը լայն անդրադարձ կատարեց Սուրիոյ Հայ գաղութին վերականգման աշխատանքներուն։ Ելոյթ ունեցաւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերշ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ առաջին հերթին ներակայացուց Սուրիոյ հայութեան իրավիճակը, անոր վերջին տարիներու հոլովոյթը եւ Սուրիոյ հայութեան վերականգման ծրագիրները։ Սրբազանը յայտնեց, որ վերականգման եւ վերաշինութեան աշխատանքները տեղի կ՚ունենան ըստ առաջնահերթութիւններու եւ առաւելաբար փոքր եւ միջին աշխատատեղիներու բարելաւման, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները կարենան ինքնաբաւօրէն գոյատեւել Սուրիոյ մէջ։ Սրբազանը յայտնեց, որ շնորհիւ շտապ օգնութիւններուն, նիւթական օժանդակութիւններուն եւ բարոյական աջակցութիւններուն, սուրիահայութիւնը անտէր չէ զգացած, հակառակ դժուարին պայմաններուն։ Ան նշեց, որ Նորին Սրբութեան Սուրիա այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսութեան յարկին տակ մշակուած վերականգնումի ծրագիրները Սուրիոյ մեր գաղութի զաւակներուն յոյս եւ կորով տուած են։

Իւրաքանչիւր նիւթի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցան հարցադրումներ եւ քննարկումներ, որոնք կեդրոնացան դպրեվանեցիներու մասնագիտացման, ժողովուրդը եկեղեցւոյ բերելու կողքին՝ հոն պահելու աշխատանքներուն, Կաթողիկոսարանի ընկերային ցանցերուն վրայ մշտական ու ազդու ներկայութիւն ըլլալուն, գաղթական վիճակի մատնուած Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին եւ եկեղեցւոյ դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրներուն վրայ։ Իւրաքանչիւր քննարկման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր եզրակացութիւնները, թելադրանքներն ու մտորումները։

ՔՐԻՍՈՏՆԷԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԻ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, ժողովը անցաւ սփիւռքեան իրականութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս յուզող հարցերու քննարկման: Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան։

«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» խորագիրին տակ զեկոյցներ ներկայացուցին Տիկին Ժանին Դանիէլեան, Բարշ. Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան: Ներկայացուած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին։ Տիկին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամենօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու երեսներով։ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքին մէջ արժէքներու ու առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան մասին, նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Բարշ. Անի Քրիսթի Մանուէլեան ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան ընդգծեց, որ ծնողները քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն են, ու անհրաժեշտ նկատեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւին վերանորոգումը։

Հայեցի դաստիարակութեան մասին զեկուցեցին Տեարք Մհեր Գարագաշեան, Վարդան Թաշճեան, Ճորճ Արապաթլեան եւ Տիկին Անահիտ Յակոբեան։ Տիար Գարագաշեան խօսեցաւ սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն մասին։ Տիար Թաշճեան Ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւն։ Տիկին Յակոբեան կանգ առաւ երեք առանցքներու վրայ՝ ընտանիք, դպրոց, համայնք։ Տիար Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի իրավիճակը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը։

Աւարտին, Ժողովը կատարեց քննարկումներ։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է Քրիստոնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ։

Յաջորդական նիստերու ընթացքին, ժողով հանգամանօրէն քննարկեց Երիտասարդական հարցեր, Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները, Սփիւռքի դիմաց պարզուող նոր հորիզոնները։

Նկատի ունենալով, որ վերանորոգումը կ՚իրականանայ միայն երիտասարդ ոգիով օժտուած մարդուժով, Ազգային ընդհանուր ժողովը առանձին նիստ տրամադրած էր երիտասարդներուն՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները, եկեղեցիէն ակնկալութիւնները, մարտահրաւէրներն ու առաջարկները։

Այս նիստին, հանդէս եկան Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն օրիորդ Անի Նաճարեան, Նոր Ջուղայէն տիար Արիս Դաւթեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն օրիորդ Թամար Քանարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն օրիորդ Գառնի Արմէնեան։

Հոգշ. Տ. Նշան վրդ. Լախոյեան վեր առաւ Երիտասարդական բաժանմունքին նպատակը, առաքելութիւնը եւ տեսիլքը, ու հակիրճ կերպով ներկայացուց բաժանմունքին քառամեայ գործունէութիւնը։ Հայր սուրբը նշեց, որ Երիտասարդական բաժանմունքը հարթակ հանդիսացած է Կաթողիկոսարանիս թեմերու երիտասարդներուն՝ լսելու ու ծանօթանալու սփիւռքի տարբեր գաղութներուն եւ առիթ տուած է ըստ այնմ ծրագիրներ մշակելու, իսկ միջթեմական համագումարները ընթացք տուած են սփիւռքեան մակարդակի երիտասարդական ցանցի ստեղծման:

Անի Նաճարեան, նշեց, որ Ապու Տապի, Տուպայ եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններ եւ Քաթար շրջանները ընդգրկող թեմը պետական ու քաղաքական պայմաններու տակ կը մնայ սահմանափակ գործելադաշտով։ Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին, Նաճարեան ընդգծեց, որ ղեկավարութիւնները չեն վստահիր երիտասարդ մարդուժին, իսկ մատը վերքին դնելով յայտնեց, որ ընդհանրապէս հայ երիտասարդութեան համար կը բացակային օրինակելի ու տիպար ղեկավարներ ու իտէալներ։

Արիս Դաւթեան ներկայացուց իրանահայ երիտասարդութեան իրավիճակը, որ իւրայատուկ է միւս գաղութներէն եւ ունի աշխուժ մասնացութիւն։ Նկատի ունենալով Իրանի պայամանները, Իրանի հայ երիտասարդները կը համախմբուին համայնքի հասարակական կեանքին, ազգային-հոգեւոր ձեռնարկներուն եւ կառոյցներուն շուրջ, սակայն կը մնան երկրին ընկերատնտեսական ու քաղաքական վիճակներուն ազդեցութեան տակ։

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի պատկերը փոխանցեց Թամար Քանարեան: Ան խօսեցաւ երիտասարդութիւն-ղեկավար մարմին յարաբերութեան մասին։ Դարուս արհեստագիտական արագընթաց փոփոխութիւններուն մէջ յաճախ կը մերժուին նորարարութիւնները, ինչ որ կը հեռացնէ երիտասարդը եկեղեցիէն, երբ վերջինս կը տեսնէ, թէ ընելիք չունի։ Մարդուժ պատրաստելու գծով, Քանարեան եւս շեշտեց որ երէց սերունդը պէտք է վստահութիւն ունենայ երիտասարդութեան վրայ:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն Գառնի Արմէնեան, իր փորձառութիւնը պատմելով՝ անդրադարձաւ այն աշխատանքներուն, որոնք նպաստած են երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ մօտ պահելու, ի մասնաւորի Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը եւ Հ.Յ.Դ.-ի բանակումին ներկայութիւնը: Ան ըսաւ, որ եկեղեցին ու ղեկավարութիւնը պէտք է երթայ, ուր որ երիտասարդութիւնը արդէն կը գտնուի, թէ՛ ֆիզիքապէս, թէ՛ մտապէս:

Վեհափառ Հայրապետը, խօսքը ուղղելով ժողովին նշեց, որ երիտասարդութեան մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները առաջնահերթութիւն են եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ, արդ, մերժելի է երիտասարդութիւնը լուսանցքի մէջ պահելու տրամադրութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս մատնանշեց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ պատերէն դուրս հանելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր կառոյցները «շէնք»-ի գաղափարէն ազատագրելն ու անոնց գոյութիւնը գործնականացնելը։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ մեր ձեռնարկները պէտք է գործնական ուղղուածութիւն ունենան։

Մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման բաժինին մէջ զեկոյցներ ներկայացուցին Տոքթ. Նորա Պայրագտարեան, Տիկին Սեդա Խտըշեան եւ Տոքթ. Փայամ Ախաւան (տեսաերիզով)։

Ինչպէս ծանօթ է, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձին համար դատ բացած էր։ Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները, որոնց շարքին Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին մանրամասնութիւնները։

Տիկին Խտըշեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Կաթողիկոսութեան ձեռնարկները ունեցած են տեղական, քաղաքական ու միջազգային արձագանգ՝ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն հատուցում տանող աշխատանքները, որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սիսի դատը։ Ասոր կողքին տեղի ունեցան շրջանային համագումարներ, Պիքֆայայի յուշահամալիրի շինութիւնը, Անթիլիասի Մայրավանքի յուշամատուռի վերանորոգութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի բացում եւ այլ ձեռնարկներ։

Տոքթ. Պայրագտարեան նշեց, որ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցի զոյգ թղթածրարները՝ օրինական թէ պատմական տուեալեաներով, կը փաստարկեն, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրինական իրաւատէրն է Սիսի Կաթողիկոսարանին։ Դատը հետապնդող օրինական յանձնախումբին հիմնական նպատակն էր դատը փոխադրել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, սակայն պէտք էր նախ թրքական սահմանակադրական դատարանէն անցնիլ։ Ան մանրամասնութեամբ խօսեցաւ դատի հանգրուաններուն մասին եւ ընդգծեց, որ ներկայիս օրինական յանձնախումբը, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, քննարկած է մէկէ աւելի ուղիներ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի մօտ ապագային։

Տեսերիզի միջոցով զեկոյց ներկայացուց փրոֆ. Փայամ։ Ան համապարփակ բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ պետութեան վարած քաղաքականութեան մասին, որ փոքրամասնութիւնները կը զրկէ իրենց իրաւունքներէն եւ օրէնքներ կը մշակէ՝ խլելու համար անոնց գոյքերը։ Ան նաեւ խօսեցաւ փրոֆ. Թանէր Աքչամի աշխատութիւններուն շնորհիւ երեւան ելած նոր փաստաթուղթերուն մասին։ Ան նշեց, որ Կաթողիկոսարանի պատրաստած թղթածրարը ամբողջական է, եւ քաղաքական ճնշումներ պիտի չկարենան կասեցնել դատին հետապնդումը՝ մինչեւ իրաւունքին կենսագործումը։

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ այս դատին աշխատանքները իր կեանքին ու աշխատանքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս դատը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր տարագրեալ Կաթողիկոսներուն ոգիով թրծուած է, որովհետեւ անոնք բոլորը կը հաւատային այս դատին։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մեր պահանջատիրական ոգին կը ժառանգենք անոնցմէ։ Այս դատը ո՛չ միայն Կաթողիկոսարանին, այլ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին դատն է. դատին պահանջքը հատուցում չէ, ինչպէս որ զրպարտած են շատեր, այլ հողային պահանջք. «մենք հող կը պահանջենք», շեշտեց Հայրապետը։

Ժողովն ներկայացուեցաւ դատին մանրամասնութիւնները ներկայացնող տեսերիզ եւ ունեցաւ քննարկման նիստ։

Քննարկման նիստին, Վեհափառ Հայրապետը կատարեց իր նշումները։ Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ յաճախ ազգային կեանքին մէջ երկու հակադիր եւ վտանգաւոր մօտեցումներ կը գերիշխեն՝ զգացականը եւ բացասականը։ Այժմու պայմաններուն մէջ անցեալի չափանիշեր օգտագործելը աննպաստ են ազգային կեանքին գոյատեւման, անհրաժեշտ է իրապաշտ մօտեցում ունենալ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ ամիսներ առաջ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւն թեմայով տեղի ունեցած հաւաքը կարեւոր էր իր նիւթով, ինչպէս նաեւ անկէ բխած հարցերուն առնուելիք քայլերով։ Հայրապետը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Սփիւռքին կատարելիք աշխատանքին մասին, որ պէտք է ընդգրկէ սփիւռքահայուն Հայաստանի մէջ գործօն մասնակցութիւնը։

Տեարք Յակոբ Բագրատունի, Միհրան Քիւրտօղլեան եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան զեկուցեցին Սփիւռքին վերակազմակերպման, հայկական ինքնութեան ամրապնդման եւ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան մասին։        

Բագրատունի անդրադարձաւ Սփիւռքի ներկայ բարդ կացութեան, նշելով, որ Սփիւռք սահմանումը կþընդգրկը ցեղասպանութենէն վերապրած սփիւռքը, նոր կազմաւորուող/կազմաւորուած Սփիւռքը եւ մեր ուժերուն հասանելի հայկական գաղութները։ Ան թուեց այն մարզերը, ուր Սփիւռքը, որպէս հայկական իրականութիւն, շատ բան ունի ընելիք հայապահպանումի, հայրենապահպանումի եւ հայ դատի հետապնդման ոլորտներուն մէջ. իւրաքանչիւր գաղութ ունի իրեն յատուկ մօտեցում, մտածելակերպ ու գործելաոճ։        

Քիւրտօղլեան դիտել տուաւ, որ հայապահպանման դասական ձեւերը վերջին երեսնամեակին ձախողութիւն կրած են։ Սփիւռքը իր ներկայ իրավիճակին հասնելուն պատճառներէն մէկը սփիւռքեան դառն իրականութիւնը թապու նկատելը եղած է, ներկայիս Սփիւռքը ապրելու ընտրավայր մը դարձած է։ Ապա ան թուեց հայօճախներուն պահպանման միջոցներն ու անոնց կարողականութիւնը եւ անոնց ընդմէջէն անդրադարձաւ ձուլումը արագացնող գործօններուն։ Քիւրտօղլեան հաստատեց, որ Սփիւռքը պիտի չդադրի գոյութիւն ունենալէ, մանաւանդ երբ ձեռք ձգէ դարուս ընծայած դրութիւնները ի նպաստ իրեն օգտագործելու հնարաւորութիւնները։           

Տէր Խաչատուրեան Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան մասին ու կեդրոնացաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման պահանջին վրայ։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանէն արտագաղթը, Սփիւռքի գաղութներուն տարաբնոյթ ըլլալը (Արեւելք-Արեւմուտք տարբերութիւններով), Սփիւռքի գոյատեւման հաւատք չընծայելու խնդիրը, որուն հետեւանքով անոր համար թափուած ջանքերը կը մնան ջնջին։ Ան խօսեցաւ նաեւ ազգային անվտանգութեան, հայութեան քաղաքական օրակարգերու, Հայաստանի զարգացման եւ Սփիւռքի գոյատեւման հարցերու լծակներուն մասին։         

Վերջապէս, արձանագրեց թեմերէն եկած ու ժողովականներու ներկայացուցած առաջարկները։ Աւարտէն առաջ, տեղի ունեցաւ Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնը։

Եռօրեայ նիստը փակուեցաւ աղօթքով։

ԸՆԹՐԻՔ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Ժողովական աշխատանքներու կողքին, պատգամաւորները մասնակից եղան այլ ձեռնարկներու եւ այցելութիւններու։ Այսպէս, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ հրաւէրով Լիբանանի հայոց թեմին, Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2017-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք` ի պատիւ Ազգային ընդհանուր ժողովին մասնակից պատգամաւորներուն եւ հրաւիրեալներուն: Բանախօսները վեր առին միացեալ վարժարանի իրագործման կարեւորութիւնը եւ ստեղծած նոր հորիզոնները։ Վեհափառ Հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, որ «մեր ժողովուրդի զաւակները ո՛ւր որ գացին, իրենց տունը շինելէ առաջ Աստուծոյ տունը շինեցին, եւ Աստուծոյ տան կողքին շինեցին Մեսրոպ Մաշտոցի տունը` հայեցի կրթութեան տունը, հայ դպրոցը: Մեր կեանքին մէջ եկեղեցւոյ կողքին դպրոցին ներկայութիւնը պարագայական երեւոյթ մը չէ, ազգային, հոգեւոր, մշակութային խորունկ իմաստ ունի: Եկեղեցին ու դպրոցը իրենց կեանքով ու առաքելութեամբ սերտօրէն առնչուած են: Մեզի համար կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, եւ կարելի չէ անոնց միջեւ բաժանման գիծ մը հաստատել»: Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց, որ թեմերու առաջնորդարաններու պիւտճէներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ հայ դպրոցը, որովհետեւ մեզի համար հայ ուսուցիչը ամէն բանէ վեր է, եւ հայ դպրոցին հզօրութիւնը գաղութի հզօրութիւնն է: Ան բարձր գնահատեց վարժարանի առաջին բարերարը՝ Տիար Հրայր Սարգիսեան, որ ո՛չ միայն մասնակից դարձաւ մեր հաւաքական կեանքին, այլեւ զանազան բարերարութիւններով ու ծառայութիւններով իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդի զանազան ծրագիրներուն, կարեւոր ներդրում կատարեց այս դպրոցի շինութեան մէջ: Եւ առ ի գնահատանք բարերարի ներդրումին՝ զայն պարգեւատրեց կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով:

Երեկոն ունէր գեղարուեստական բաժին։ Յայտնենք, որ ընթրիքի նախօրեակին, պատգամաւորները այցելեցին նորակառոյց վարժարանը եւ ծանօթացան կառոյցին եւ աշխատանքներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Նոյն օրը, առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետն ու խումբ մը պատգամաւորներ այցելեցին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէն մեր Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետը։

Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան, մերժեց այս մօտեցումը, շեշտելով, որ անիկայոր չի համապատասխաներ միջազգային օրէնքին, արդարութեան ու պատմական իրողութեան։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Երուսաղէմը պէտք է բաց քաղաք մնայ միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ՝ հրէական, քրիստոնէական ու իսլամական, եւ բոլորին իրաւունքները պէտք է միշտ պաշտպանուած ըլլան Երուսաղէմի մէջ։

Նախագահ Աուն իր կարգին վերահաստատեց Լիբանանի կեցուածքը Երուսաղէմի գծով՝ անընդունելի նկատելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը։

Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ ազգային նկարագիրին ու ժողովրդանուէր ծառայութեան, եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մեր գաղութներուն դերակատարութեան։ Իր կարգին, նախագահը շեշտեց հայկական Սփիւռքին կարեւորութիւնը եւ հայերէն լեզուն, հայկական արժէքներն ու մշակոյթը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը. ան յատկապէս յիշեց Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները, մէկը՝ եաթաղանով, իսկ միւսը՝ սովի արհաւիրքով։

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը առանձին հանդիպում ունեցաւ նախագահին հետ, ներկայութեամբ պետական երեսփոխաններ տիար Յակոբ Բագրատունիի եւ տիար Արթիւր Նազարեանի։ Արծարծուեցան Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող քաղաքական հարցեր։

Նշենք նաեւ, որ Հինգշաբթի կէսօրէ ետք, պատգամաւորներուն առիթ ընծայուեցաւ այցելելու Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ը եւ ծանօթանալու անոր յարկին տակ երեք տարի առաջ բացուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանին, որ նուիրուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերու յիշատակին։

Օրակարգը սպառելով՝ Ժողովը ընթերցեց ժողովէն բխած բանաձեւերը, կատարեց անոնց քննարկումը եւ արձանագրեց թեմերէն եւ ժողովէն եկած առաջարկներ։ Ապա, տեղի ունեցաւ ընտրութիւնը Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն։

Եզրափակելով Ժողովը, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց ժողովին ընթացքը, վստահեցուց, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ջանք պիտի չխնայեն ծառայելու ազգին։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ ժողովը քննարկումներու ճամբով լուրջ մտահոգութիւններ արծարծած է, ինչ որ նոր ծրագիրներու մշակման մղիչ ուժ պիտի հանդիսանայ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց ժողովներու նորընտիր անդամներուն, թէ Կաթողիկոսութեան աշխատանքները համայն հայութեան համար են եւ անոր համար հարկ է թափ տալ թեմերու վերակազմաւորման ու նոր որակով պարուրել աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջացնել Կաթողիկուսութիւն-թեմեր գործակցութեան նորարար դրոյթներ։ Հայրապետը առաջնահերթութիւն նկատեց Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը իրագործել ծրագիրներու ճամբով ու աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ հայ ժողովուրդը Կաթողիկոսութեան կիզակէտն է եւ ոչ՝ լուսանցքային մէկ տարրը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգային Կեդրոնական նորընտիր վարչութեան կազմերը.

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան
Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան
Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան
Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան
Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան
Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան
Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան
Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան
Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան
Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան
Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան
Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Տիգրան Ճինպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Վրէժ Սապունճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Յակոբ Եափուճեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Արթիւր Նազարեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Աւետիս Կիտանեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Յակոբ Գըլպաշեան (Պէյրութ, Լիբանան)
Տիար Հրաչ Յակոբեան (Հալէպ, Սուրիա)
Տոքթ. Արմէն Տէրեան (Աթէնք, Յունաստան)
Տիար Թովմաս Թովմասեան (Թեհրան, Իրան)
Տիար Վահէ Եագուպեան (Լոս Անճելոս, ԱՄՆ)
Տիար Կայծակ Զէյթլեան (Լոս Անճելոս, ԱՄՆ)
Տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան (Ուաշինկթըն, ԱՄՆ)
Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան (Մոնթրէալ, Քանատա)
Տիար Գրիգոր Մահսէրէճեան (Ապու Տապի, ԱՄԷ)

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022