Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ Կը Տրամադրէ Չորս Ուսանողներու

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Կրթանպաստի Հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, թէ քննելէ ետք 2020-2021 տարեշրջանի համար ներկայացուած դիմումնագիրները, որոշած է կրթանպաստի արժանացնել հետեւեալ չորս ուսանողները.- Սառա Այնթապլեան (UCLA), Սեւանա Մանուկեան (UCLA), Մեղեդի Մանոյեան (UCLA) եւ Արմէն Տէմիրճեան (UC Berkeley)։ Անոնք կը հետեւին գիտական մասնագիտութեանց Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ, ձեռք բերած են փայլուն արդիւնքներ եւ համայնքէն ներս ունին գործօն ծառայութիւն։

Յանձնախումբի անդամներն են կրթանպաստի բարերարուհին՝ Տիկին Թամարա Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն իրենց ուսումնական ասպարէզին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022