Ուրբաթ, 3 եւ Շաբաթ, 4 Յունիս 2016ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագիտուհի Լիտիա Չագըրեանի գեղանկարներուն ցուցահանդէսը:
Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներէն Տիկին Քնար Գորթոշեան արտասանեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը, ներկայացուց արուստագիտուհիին կենսագրական գիծերը, արուեստի ճամբուն կտրած հանգրուանները, ապա, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց արուեստագիտուհին եւ արուեստասէր ներկաները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Լ. Չագըրեանի գեղարուեստական վաստակին մասին եւ հրաւիրեց ներկաները վայելելու ցուցադրուած գեղանկարները եւ քաջալերելու արուեստագիտուհին: Ապա՝ հրաւիրեց արուեստագիտուհին՝ արտասանելու իր սրտի խօսքը:
Լիտիա Չագըրեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգային Վարչութեան եւ ներկաներուն, ըսաւ, որ արուեստասէրները զինք հարազատօրէն պիտի գտնեն իր գործերուն մէջ, որոնք կ’արտացոլացնեն զինք, ու բարի վայելում մաղթեց արուեստասէրներուն:
Ներկաներուն շարքին էր գեղանկարիչ Ռազմիկ Հաճիքեան, որ ինքնաբուխ կերպով խօսք առնելով, յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է Լիտիա Չագըրեանի արուեստով՝ անոր գոյներով ու ձեւերով, յաջողութիւն մաղթեց անոր ու հրաւիրեց ներկաները, որ քաջալերեն արուեստն ու արուեստագէտը:
Ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ Շաբաթ, ուշ երեկոյ: