Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան Դասախօսութիւն-Ճաշկերոյթ


Մեր ժողովուրդի զաւակներուն օգտակար գիտելիքներ հաղորդելու իր բարի աւանդութեան հաւատարիմ մնալով, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2015ի կէսօրին կազմակերպած էր դասախօսութիւն-ճաշկերոյթ մը, իբրեւ դասախօս հրաւիրելով ծանօթ եւ հմուտ ակնաբոյժ Տոքթ. Միրէյ Համբարեանը:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին շուրջ 100 տիկիններ եւ հրաւիրեալներ: Ներկաները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, ապա, հետեւեցան շահեկան դասախօսութեան, միասնաբար ճաշեցին եւ իրենց հարցումներով յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեցին ազնիւ դասախօսէն:

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի փոխ-ատենապետուհի Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան արտասանեց ձեռնարկի բացման խօսքը, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, դասախօսուհին եւ մասնակիցներուն ներկայութիւնը, ներկայացուց Տոքթ. Մ. Համբարեանի հակիրճ կենսագրականը, որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոր մասնագիտական ասպարէզին մասին եւ հրաւիրեց ակնաբոյժը, որպէսզի ներկայացնէ նիւթը, որ կեդրոնացած էր աչքի ընթացիկ հիւանդութիւններու, անոնց կանխարգիլման եւ դարմանումի միջոցներուն վրայ:

Դասախօսը պաստառի վրայ լուսանկարներու եւ բացատրականներու միջոցով, հաղորդական ու մտերմիկ ոճով բացատրեց աչքի ընթացիկ հիւանդութիւնները, նախ հակիրճ բացատրական մը տալով մարդկային աչքի ներքին բաժիններուն մասին, ապա բացատրեց թէ ինչպէս կը յառաջանան «Քաթարաքթ» եւ «Կլաքոմա» (տեսողութեան պղտորում եւ ջիղերու վնասուածք) հիւանդութիւնները: Ան օգտակար թելադրանքներ կատարեց կանխարգելիչ միջոցներու մասին, ընդգծելով, որ որեւէ պարագայի, կանուխ ախտաճանաչումն ու դարմանումը ամէնէն ազդու ձեւերն են: Դասախօսը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ աչքի մտահոգիչ կամ ոչ մտահոգիչ վիճակներու մասին, որոնք կը դարմանուին դեղերու օգտագործման եւ վիրաբուժական միջամտութեանց ճամբո, իսկ կարգ մը պարագաներու, կը վստահուի ժամանակի բարերար ազդեցութեան:

Տոքթ. Մ. Համբարեան խօսեցաւ յստակ ու պարզ հայերէնով, օգտագործելով կարգ մը մասնագիտական բառերու հայերէն եզրերը: Թէեւ նիւթը ունէր բժշկագիտական բնոյթ՝ ունկնդիրները լիովին հաղորդակից եղան անոր բացատրութիւններուն:

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ Դասախօսութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին ու մասնաւորաբար դասախօսուհիին, որ, ինչպէս ծանօթ է, մամուլին եւ բժշկական շրջանակներու կողմէ գնահատանքի արժանացած է իր մասնագիտական ծառայութիւններուն համար: Առաջնորդ Սրբազանը նկատեց, որ այս դասախօսութիւնը կը զուգադիպի մեր Մշակոյթի ամսուան, ու լուռ պատգամ է, որ հոգածու ըլլանք մեր տեսողութեան, զայն օգտագործենք Աստուածաշունչ կարդալու եւ հայութեան մշակութային ժառանգութեանց ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ նոր սերունդները նոյն ճամբուն առաջնորդելու նպատակին: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց Ս. Սահակ Հայրապետի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Վռամշապուհ թագաւորի եւ թարգմանչաց սերունդի աւանդին պահպանման եւ հաւատարմութեան հրամայականը, ընդգծելով, որ մեր մշակոյթի հարստութեան մասին գիտելիք ունենալը բաւարար չէ, այլ նաեւ պէտք է զանոնք կենսագործել մեր կեանիքն մէջ: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դասախօս բժշկուհիին արժանիքներուն, որոնք սահմանափակուած չեն միայն ակնաբուժութեան մասնագիտութեան կալուածին մէջ, այլ նաեւ կը տարածուին անոր ընտանեկան յարկին վրայ, որովհետեւ ան օրինակելի եւ լաւ մայր է, լաւ կողակից՝ Րաֆֆի Համբարեանին եւ յարգալիր զաւակ իր ծնողներուն: Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով 100-ամեակի յուշանուէր մը յանձնեց դասախօսուհիին, իսկ Տիկնանց Միութիւնը իրեն փոխանցեց գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը։

Յանուն Խորհրդարանական Քեւին Տը Լիոնի, դասախօսուհիին գնահատագիր մը յանձնեց Պայծառ Թովմասեան, որ ներկայ էր ձեռնարկին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022